ҽ

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (13)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱ­Գ ԿԸ ՀԵ­ՌԱ­ՆԱՅ ԲԱ­ՍԵ­ՆԻ ՎԱՆ­ՔԷՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

            ­1694 թուականի գարնան Մխի­թար կը հե­ռա­նայ Բա­սե­նի վան­քէն եւ կը շտա­պէ Սե­բաս­տիա հաս­նիլ։ Այս որոշումին համար պատ­մի­չը երեք դր­դա­պատ­ճառ կը թուար­կէ, որոնք միեւ­նոյն խնդ­րին շուրջ կը պտ­տուին. Մխի­թար կա­րի­քը կը զգար փոր­ձա­ռու հո­գե­ւոր առաջ­նոր­դի, որ Բա­սե­նի վան­քին մէջ ալ չէր գտած, քա­նի որ վա­նա­հայ­րը բա­րի եւ պար­զա­միտ ան­ձ ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ չու­նէր հո­գե­ւոր կեան­քի առաջ­նոր­դու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւնն ու հմ­տու­թիւ­նը։

            Մ­խի­թար սար­կա­ւագ կը փոր­ձէր հասկ­նալ երե­ւա­կա­յա­ծին մտ­քե­րու եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րու բա­րո­յա­կան ծան­րու­թիւ­նը, եւ նմանատիպ տա­րա­կոյս­նե­րով պա­տուած երբ կը դի­մէ ան­ցորդ վար­դա­պե­տի մը, առանց որե­ւէ յաւելեալ բա­ցատ­րու­թեան կամ յս­տա­կու­մի կը լսէ միայն չոր պա­տաս­խա­նը՝ թէ «չար մտ­քե­րը կա­տա­րուած գոր­ծե­րէն ծանր են»։ Եր­կիւ­ղով լե­ցուած, Մխի­թար ներ­քին պայ­քա­րի կը մատ­նուի, որ­մէ ազա­տե­լու հա­մար կա­րի­քը կը զգայ օր առաջ հաս­նե­լու իր հո­գե­ւոր դաս­տիարա­կին՝ Մա­նա­սէի մօտ, մինչ տակաւին կենդանի էր։­

Շտապ Սեբաստիա հասնելու որոշումը անյետաձգելի հրամայական կը դարձնէ այն բօ­թա­բեր նա­մա­կը, որ Մխի­թա­րի կը գու­ժէր իր ման­կու­թեան հո­գե­ւոր դաս­տիարակ քոյ­րե­րէն կրտ­սե­րին՝ Մա­րիամի մա­հը։ Նոյ­նիսկ եթէ այդ նա­մա­կով մխի­թա­րա­կան շատ դրուագ­ներ կը պատ­մէին, թէ ինչ­պէս սր­բա­կեն­ցաղ Մա­րիամը հո­գե­ւոր մխի­թա­րու­թիւն­նե­րով զօ­րա­ցած աւան­դած էր իր մա­քուր հո­գին, կամ թէ ինչ­պէս գե­րեզ­մա­նին վրայ լոյս ծա­գած էր եւ ամէն­քը տե­սած էին, սա­կայն Մխի­թա­րի ցա­ւը սփո­փանք չէր գտ­ներ, որով­հե­տեւ կորսն­ցու­ցած էր իր հա­րա­զատ եւ հո­գե­լից խորհր­դա­տուն, ճիշտ երբ անոր կա­րիքն ու­նէր։ Գիտ­նա­լով որ անոր քոյրն ալ ծանր հի­ւանդ էր, կը մտադ­րէ շտա­պել Սե­բաս­տիա զինք ողջ գտ­նե­լու յոյ­սով, որ­պէս­զի գո­նէ անոր խոր­հուրդ­նե­րը լսէր, որոնց կա­րի­քը շատ կը զգար։

            ­Հո­գե­ւոր զար­գա­ցու­մը ապա­հո­վե­լու ցան­կու­թիւ­նը մէկ կող­մէն, տա­րա­կոյս­նե­րը փա­րա­տե­լու կա­րի­քը միւս կող­մէն շր­ջա­պա­տած էին Մխի­թարը, որ միաժամանակ ան­հնար կը գտ­նէր շա­րու­նա­կել վանք յա­ճա­խող պա­տա­նի­նե­րու դաս­տիարա­կու­թեամբ զբա­ղի­լը, քա­նի որ տուած խրատ­ներն ու յոր­դոր­նե­րը ոչ մէկ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նէին անոնց բիրտ ու կոշտ վար­քա­գի­ծին վրայ եւ միաժա­մա­նակ ուս­ման ալ ըն­դու­նակ չէին։­

Երբ Մխի­թար իր հե­ռա­նա­լու որո­շու­մը կը յայտ­նէ Բա­սե­նի վան­քի առաջ­նորդ Մել­քի­սէթ եպիս­կո­պո­սին, անոր սիր­տը տրտ­մու­թեամբ կը լե­ցուի եւ ան­մի­ջա­պէս կը ջա­նայ հա­մո­զիչ խօս­քե­րով փո­խել տալ այդ որո­շու­մը, բայց ի զուր։ Տես­նե­լով Մխի­թա­րի վճ­ռա­կա­մու­թիւ­նը՝ սր­տի ցա­ւով բայց ջերմ սի­րով կը թոյ­լատ­րէ եր­թալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2025, 07:57