Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ տարուան բացման արարողութիւն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կիրակի` 26 Յունուար 2025-ի առաւօտեն Ժամը 10ին Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Տիրամայր Տիեզերքի Մայր տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ տեղւոյս առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ մասնակցութեամբ ժողովրդապետ` Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Պահէեանի տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը որ նուիրուեցաւ աշխարհի խաղաղութեան համար, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարւոյն բացման առթիւ։
Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան ու միասնաբար աղօթեցին նաեւ Պապ Թումայի շրջանի ապահովութեան վրայ հսկող կամաւոր երիտասարդները:
Սուրբ զոհի ընթացքին Գերապայծառ Տէրը քարոզը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին ու դիտաւորութեան վրայ մաղթելով որ Սուրբ Տարուան առիթով չբացուին միայն Սուրբ Դռները այլ նաեւ մեր սրտին դռները ու այնտեղ զետեղուած սիրոյն միջոցաւ բոլոր գործենք ամենուրէք տարածելու յոյս որ յուսախաբ չի թողուր։
Կից կը ներկայացնենք Արհի. Ասատուրեան Գերապայծառի քարոզէն ձայնիւ հատուած մը.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ