Յոյսի հաղորդողներ ըլլալու մարտահրաւէրը. Ալեսսանտրօ Ճիզոթիի խմբագրականը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եղէք յոյսի խթանողներ։ Եղէք բարի պատմութիւններու պատմողներ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հաղորդակցութեան աշխարհի նետած մարտահրաւէրն է սա, ըլլան անոնք հաւատացեալ կամ ոչ հաւատացեալ, Հաղորդակցութեան Աշխարհի նուիրուած Յոբելեանին առիթով։ Քահանայապետին համար արդարեւ, հաղորդակցութիւնը չի սահմանուիր լրագրութեան կարևոր մասնագիտութեան: Անոր հաղորդակցութեան ուղղուած հայեացքը միայն «լուրերու արտադրում» մը չէ այլ մարդ էակի էական չափանիշ որ կը ներգրաւէ սիրտն ու բանականութիւնը։ Ասոր համար Ֆրանչիսկոս Պապին յոյսի հաղորդակցութիւնը կը դառնայ հրատապ մարտահրաւէր մը, ոչ միայն լրագրողներուն համար այլ բոլոր անոնց համար` որոնք ի սիրտ ունին մարդկութեան խնամքը, որ միշտ աւելիով վիրաւոր է բռնութիւններով ու անարդարութիւններով». Այս տողերը մաս կը կազմեն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթիին խմբագրականին` Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան փոխ տնօրէնը։
«Իր Քահանայապետութեան առաջին օրէն իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ ընդգծած է «սրտով» կատարուած հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը» կը նշէ ապա Ճիզոթթին մատնանշելով Հաղորդակցութեան միջոցներու Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական պատգամներուն, որուն մէջ կրկնուած է «ունկնդրել, խօսիլ, տեսնել, բայց միշտ սրտով» բանաձեւը եւ նոյնիսկ 2024ի Արհեստական Բանականութեան նուիրուած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ուզեց ընդգծել, թէ նոյնիսկ եթէ գործիքները մեծ յառաջընթացներ կ՛արձանագրեն, ոչ մէկ բան կարող է փոխարինել մարդկային սիրտը, որ կը կարեկցի իրեն նմաններուն...սիրտը արդարեւ մարդուն մէկ մասնիկ մը չէ այլ անոր կեդրոնը, անոր ամբողջութիւնը։
Յոյս ներշնչող հաղորդակցութիւնը չի կարող սահմանուիլ միայն տեղեկութիւններ հաղորդելու այլ պէտք է կարող ըլլայ խոր յարաբերութեան մէջ մտնելու մերձաւորին հետ, անոր տանելով մխիթարութեան ու յոյսի խօսք մը։ «Չի բաւեր առ այդ ճշմարտութիւնը հաղորդել այլ պէտք է նաեւ ճշմարտիտ ըլլալ» ըսաւ Սրբազան Պապը Հաղորդակցութեան աշխարհի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, նշեց ի միջի այլոց Ճիզոթթին հաստատելով, որ Սրբազան Պապը յոյսի մասին խօսելով կը մատնանշէ քրիստոնէական յոյսին որ ունի Յիսուսի դիմագիծն ու սիրտը... որ մեր հայեացքը սեւեռել կու տայ դէպի այն բաները զոր տակաւին չենք կրնար տեսնել։
Յոբելենական տարուայ Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային Օրուան նուիրուած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ ընդգծէ, թէ «ապատեղեկատուութեամբ յատկանշուած աշխարհի մը մէջ հաղորդակցութիւնը անգամ մը եւս պէտք է դառնայ խողովակ մը, որուն մէջէն կ՛անցնի յոյսը: Եւ անցեալ Կիրակի օր, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ան հրաւիրեց աղօթքին մասնակցող հաղորդակցութեան գործիչները դառնալու «յոյսի պատմիչներ»։ Անոր համար ապա պէտք է պատմութիւններու կեդրոն ընտրել բարիի պատմութիւններ, յաղթահարելով որոշ լրագրութեան մը փորձութիւնը` որ հակուած է տարածք տալու միայն չարին։
«Ուստի Ֆրանչիսկոս Պապին համար յոյսին հաղորդակցութիւնը բարիի պատմութիւններ որոնելն ու պատմելն է։ ժամանակահատուածի մը, որ կարծես թէ մոռացութեան կը մատնէ վերջինները, Քահանայապետը կը հրաւիրէ մեզ ձայն տալու անոնց, որոնք չեն յանձնուիր, եւ ի յայտ կը դնեն լոյսի կայծեր, որոնք կը փայլին նոյնիսկ մարդկութեան ամենամութ անկիւններուն մէջ» կը գրէ Ալեսսանտրօ Ճոզոթթին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ