Միանմարի համար խաղաղութեան աղօթքի համաշխարհային Օր մէկ փետրուարին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկը յառաջիկայ մէկ Փետրուար 2025ին կազմակերպած է Միանմարի մէջ 24 ժամուայ Խաղաղութեան համար աղօթքի Համաշխարհային Օր մը` որուն առիթով ՏԵՕ Միանմարի գրասենեակը ու անոր աշխարհի այլ երկիրներու ազգային 23 միւս գրասենեակները պիտի համախմբուին զօրակցութեան ու յոյսի մէջ, հրաւիրելով համայն աշխարհի մարդիկը իրենց միանալու աղօթքի մէջ։
Օրը բաժնուած պիտի ըլլայ չորս մասերու, եւ այս մէկը հնարաւորութիւն պիտի տայ համաշխարհային մասնակցութեան։
«Մենք՝ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը, խորապէս ազդուած ենք Միանմարի մէջ տիրող իրավիճակէն: Այդ օրը հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ բոլորի համար, անկախ անոնց ծագման վայրէն, միանալու խաղաղութեան և հաշտեցման հաւաքական կոչով», ըսաւ ՏԵՕ միջազգային գործադիր նախագահ Ռեճինա Լինչը։
Այս աղօթքի Օրուան առիթով կ՛ուզենք յիշել պատերազմի բոլոր զոհերն ու մերելները, մխիթարութիւն հայցելով անոնց ընտանիքներուն համար եւ յաւիտենական հանգիստ անոնց` որոնք մահացան։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը տառապին ռմբակոծումներու, սովի, ելեկտրականութեան և կենսամիջոցներու պակասի պատճառաւ։ Յաճախ քահանաներն ու միանձնուհիները ստիպուած են օրերով ճամբորդել, որպէսզի հասնին ամենահեռաւոր ժողովրդապետութիւններ՝ ապրելով վտանգաւոր իրավիճակներ, բայց, հակառակ ամէն բանի, անոնք կը շարունակեն իրենց գործը» բացատրեց Լինչը։
ՏԵՕ Հիմնարկը այդ օր կ՛առաջարկէ աղօթել նաեւ բոլոր տեղահանուած հաւատացեալներուն համար, երիտասարդներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն համար, որոնց կեանքը յաճախ վտանգի ենթարկուած է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ