Կարդինալ Փիցապալլա. «Երուսաղեմը Աստուծոյ ներկայութեան մասին վկայութիւն է»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա պատգամ մը յղեց Լուպլինոյի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին անուան համալսարանէն ներս գումարուած «Խաղաղութիւն խնդրեցէք» բնաբանով միջազգային համագումարի մասնակիցներուն։
Պատգամին մէջ Կարդինալը ընդգծեց, որ Երուսաղեմի համար աղօթքը՝ ողջ աշխարհի խաղաղութեան համար աղաղակ է եւ Սուրբ Երկրի մէջ բնակիչներու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է որ արտացոլեն Աստուծոյ ներկայութիւնն ու մտերմութիւնը հաստատելով, որ խաղաղութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ինքնութեան բաղկացուցիչ տարրն է։
Երուսաղեմը Աստուծոյ ներկայութեան մասին վկայութիւն է
Ակնարկելով Սուրբ Երկրի մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին, Կարդինալ Փիցապալլա անդրադարձաւ Յայտնութեան երկու պատկերներուն՝ վրան եւ հարսը, «Դա տեսակ մը Երուսաղեմի ինքնութիւնն է» նշեց ծիրանաւորը աւելցնելով Երուսաղեմը քաղաքը «Երկինքէն իջնող» քաղաք է, վրանով խորհրդանշուած Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ Աստուծոյ հետ սերտ մտերմութիւնը, որուն պատկերը հարսն է ու սա մեզի կ՝ըսէ, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ Երուսաղեմի կեանքը։ Երուսաղեմ քաղաքը, Երուսաղեմի եկեղեցին պէտք է ըլլան վայրը, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը տեսանելի է , մինչ Աստուծոյ հետ մտերմութիւնը պէտք է տեսանելի ըլլայ մեր գործերուն մէջ»։
Երուսաղեմի համար խաղաղութիւնը, աշխարհի համար խաղաղութիւն է։
«Երուսաղեմի համար խաղաղութիւնը, համայն ժողովուրդներու համար նաեւ աղօթք է» ընդգծեց Երուսաղեմի Պատրիարքը, «որովհետեւ Երուսաղեմի մէջ համայն ժողովուրդներու սիրտը կը բաբախէ Երուսաղեմի մէջ»։
Կարդինալը նաեւ յիշեցուց, որ Սուրբ Երկրին բնակիչներուն կոչումը, Աստուծոյ հետ կեանքի մասին վկայութիւն է ինչպէս նաեւ ուրիշներուն կեանք հաղորդելու հնարաւորութեան վկայութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ