Սուրբ Խաչի տօնէն ետք ութերորդ կիրակի (Ղուկ. 8, 17-21) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, այսօր եւ կրկին համաձայն մեր Ծիսական Տօնացոյցին, կը սկսինք խաչէն ետք ութերորդ կիրակին՝ որ է նաեւ նախավերջին կիրակին նախ քան Յիսնակաց շրջանի սկսիլը:
Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին երկրորդ բաժնի մէջ կը տեսնենք հետեւեալ հատուածը սիրելիներ. « Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն, ըսելով. Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՛ուզեն քեզ տեսնել: Յիսուս ըսաւ. Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղուկ. 8, 19-21):
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. «վարդապետ, Քրիստոս եղբայրներ եւ քոյրեր ունէ՞ր...մենք գիտենք որ Ինք Միածին Որդին էր եւ Մարիամին միակ զաւակը...եւ շատ լաւ գիտենք որ Մարիամ յղացաւ Ս. Հոգիին զօրութեամբ...ինչպէ՞ս կրնայ Քրիստոս ուրիշ եղբայրներ կամ քոյրեր ունենալ...»:
1. Համաձայն կարգ մը աղանդաւոր այսպէս ասաց եկեղեցիներու սիրելիներ, Քրիստոս ունէր քոյրեր եւ եղբայրներ եւ մեծ հպարտութեամբ կը քարոզեն այս մէկը...թոյլ տուր որ հարց տամ քեզի աղանդաւոր եւ ապականած միտք ու շարժում, Աստուածաշունչին մէջ ամէն մէկ բառ որ կը կարդանք ունի իր տեղը եւ նամանաւանդ իր իմաստը...քու կարծիքովդ միթէ՞ Քրիստոսի աշխարհ գալուն նպատակը ունենալ էր բազմանդամ ընտանի՞ք, հարազատ զաւակնե՞ր եւ կամ հաստատուիլ այս աշխարհին մէջ ու ապրիլ նման մարդ արարածի՞(ինչպէս որ մենք կ՛ապրինք), թէ քարոզել, երկնքի ճամբան ցոյց տալ, ինչպէս նաեւ կեանքը զոհել մարդուս համար, որպէսզի մարդս կրկին դառնայ իր պապենական տունը որ է երկինքը (դուրս դրուեցաւ իր հպարտութեան եւ սատանայէն մղուած միտքերու պատճառով)...մի բաղդատեր քու մտածելակերպդ՝ երկնքի մտածելակերպին եւ ծրագրին հետ...մեր մտածելակերպը մեզ նման սահմանափակ է ու խեղճ (քու մտածածդ մի վերագրեր Աստուծոյ), իսկ երկնայինը՝ դուրս է սահմանէ եւ ժամանակէ:
2. Երբ կ՛ըսես որ Քրիստոս ուրիշ քոյրեր եւ եղբայրներ ունի, կը նշանակէ թէ չես ընդունիր Մարիամի՝ Աստուածամօր դերը, եւ անոր կուսութիւնը (թէեւ իրականութիւնը քու ընդունելէդ եւ կամ չընդունելէդ կախուած չէ): Ինչպէ՞ս կրնայ ադամական ոչ զուրկ մեղքէ կին մը, իր մէջ ընդունիլ երկնքի եւ երկրի Տէրը (կրնար ընդունիլ այն պարագային երբ իր որովայնին մէջինն ալ մեղաւոր եւ մահկանացու մէկը ըլլար՝ ինչպէս որ են մեր մտածումները եւ գաղափարները)...կը յիշե՞ս Քրիստոս խօսքը երբ կ՛ըսէ. «ինչպէ՞ս կրնաս նոր գինին հին տիկերու մէջ դնել»...եթէ քեզի համար Քրիստոսի հայրը Յովսէփն է, կը նշանակէ դուն կը պաշտես մարդը եւ ոչ թէ Աստուած...իսկ եթէ կ՛ընդունիս թէ Աստուածամօր յղութիւնը Ս. Հոգիին զօրութեամբ է, հետեւաբար պէտք ես ընդունիլ Աստուածամօր կուսութիւնը...եւ երբ կ՛ընդունիս Աստուածամօր կուսութիւնը, ինքնաբերաբար պէտք ես ընդունիլ Քրիստոսի Միածին ըլլալը եւ չունենալը ուրիշ քոյրեր եւ կամ եղբայրներ...մէկ խօսքով, այս պարագային ինչպէ՞ս քու միտքդ կ՛արտօնէ մտածել եւ կամ ըսել թէ Աստուածամայրը ունեցաւ յարաբերութիւն պարզ մարդու մը հետ, երբ անոր արգանդը վերածուած է Նոր ուխտի տապանակին, Ս. Հոգիի տաճարին եւ կամ Սրբութեան Սրբոցը՝ ինը ամիսներ, եւ մինչեւ անոր մահն ու երկինք վերափոխումը...:
3. Առաւել եւս, եթէ այսօր մեր հասարակութեան մէջ կը պակսի իրար քոյր եւ եղբայր կոչելը՝ մոռնալով մեր մկրտութիւնը եւ վերածնունդը բոլորս նոյն արգանդէն որ է՝ Եկեղեցւոյ մկրտարանը, երկու հազար տարիներ առաջ, երբ տակաւին կար երկիւղը եւ ամօթը, գոյութիւն ունեցած է այս սովորութիւնը որ է՝ հարազատիս եւ երբեմն ոչ հարազատիս կոչել որպէս քոյրս եւ եղբայրս...երանելի պիտի ըլլայինք եթէ այսօր բոլորս իրարու դիմէինք որպէս մեր մէկական քոյրերը եւ եղբայրները..., ես վստահ եմ որ աշխարհը աւելի խաղաղ եւ հանդարտ պիտի ըլլար քան՝ ինչ որ է այսօր:
4. Եւ ի զուր չէ որ այս բոլորէն ետք Քրիստոս կ՛ըսէ. Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն»: Աղանդաւոր եւ կուրցած բարեկամ, Աւետարանդ լաւ կարդայ եւ նամանաւանդ ամբողջապէս կարդայ ու փորձէ հասկնալ Աստուծոյ ծրագիրը՝ եւ ոչ թէ քուկդ, որովհետեւ քու ծրագիրդ չարին ծրագիրն է՝ որմով կ՛ուզես մոլորեցնել Ճշմարիտ Հովիւին Հօտը, եւ յանձնել վարձկանին՝ որ է չարը եւ անոր գործերը:
Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ ինչպէս նաեւ չարին գաղափարներով կուրցած բարեկամ, այսօր Քրիստոս մեր բոլորին կը հրաւիրէ դառնալ Անոր հարազատ քոյրը եւ եղբայրը. ինչպէ՞ս:
1. Ընդունիմ Աստուածամայրը որպէս Քրիստոսի եւ մեր Երկնաւոր մայրը,
2. Ընդունիմ Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին եւ անոր ամբողջական ուսուցումը եւ վարդապետութիւնը,
3. Ընթերցեմ, խոկամ եւ ապրիմ Աստուածաշունչը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան,
4. Պահեմ պատուիրանները եւ ձգտիմ սրբութեան,
5. Մօտենամ Քրիստոսի եւ աւելի լաւ ճանչնամ զԻնք,
6. Սէրը ըլլայ իմ կեանքիս միակ բնաբանը,
7. Լսեմ, եւ հետեւիմ միայն ու միայն Քրիստոսի եւ Անոր ձայնին,
8. Գիտնամ զանազանել Աստուծոյ կամքը՝ իմ կամքէս,
9. Ամէնօրեայ խղճի քննութիւնս, զղջումս եւ խոստովանանքս լաւագոյն ձեւով եւ ապրումով կատարել,
10. Եւ ամէնակարեւորը՝ յիշել որ երբ ես մաս կը կազմեմ երկնային ընտանիքին, նոյնիսկ եթէ ընտանիքս եւ կամ աշխարհը ինծի ձգէ, Տէրը զիս չի ձգեր...կարեւորը ես զԻնք չձգեմ: Լաւ հսկեցէք ձեր հոգիներուն վրայ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ