ҽ

հայիթթի մէջ վանքը հայիթթի մէջ վանքը 

Հայիթիի մէջ աւազակախումբ մը յարձակած ու հրկիզած է Մայր Թերեզայի վանքը

Առաջին անգամն է որ Հայիթիի մէջ աւազակախումբ մը կը յարձակի ու կը հրկիզէ մայրապետներու վանքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ 26 հոկտեմբերին, երեկոյեան, Հայիթիի Փորթ Օ Փրէնս քաղաքին մէջ գտնուող բարեգործութեան միսիոնարներուն վանքն ու հիւանդանոցը յարձակումի ենթարկուած ու հրկիզուած է աւազակախումբի մը կողմէ՝ Ժիմի Շարիզիէյի գլխաւորութեամբ։

Բարեբախտաբար կրօնաւորուհիներէն ոչ մէկը վնասուած է, սակայն կառոյցը քանդուած է ու բժշկաբան սարքաւորումներն ու ապրանքները սեւ շուկայ տարուած են վաճառելու համար։

Ասիկա առաջին յարձակումն է որ կատարուած է մայրապետներուն դէմ, որոնք մինչեւ այժմ վայելած են աւազակներուն յարգանքը, քանի որ անոնք կենսական խնամք կ՝ապահովուեն աւելի քան 30000 մարդոց։

Պաս Տէլմաս թաղամասին մէջ բռնութեան սրումին պատճառով մայրապետները ստիպուած եղան լքելու իրենց տունը, որ հիմնուած է Մայր Թերեզային կողմէ 1979ին։

Այս իրավիճակը վտանգի տակ դրած է բարեգործութեան միսիոնարներու ողջ առաքելութիւնը, մթնոլորտի մը մէջ որ արդեն բնորոշուած է բռնութեամբ եւ անորոշութեամբ։

Անցեալ Սեպտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան ոստիկանութիւնը կրօնաւորուհիներէն խնդրած էին, որ ձգեն թաղամասը ու փակեն իրենց տունը որովհետեւ աւազակախումբերու բախումները վտանգաւոր դարձած էին մայրապետներուն կեանքին։

Կրօնաւորուհիներե այժմէ հիւրասիրուած են Հայիթիի մէջ Մայր Թերեզայի ուրիշ հասարակութեան մը մէջ։

Նշենք, թէ Մայր Թերեզային տան մէջ հազարաւոր մանուկներ խնամուած են մայրապետներուն կողմէ ստանալով պարենային օգնութիւն, վիրահատութիւն կամ բժշկական օգնութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2024, 11:11