«Ինչպէս խաղաղ ըլլալ տագնապներու մէջ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Հակառակ ղեկավարութեան բոլոր սկզբունքներու, Քրիստոս իր հետեւորդներուն առաջին օրէն յայտարարեց, որ քրիստոնեայ ըլլալու համար սուղ գին կայ վճարելիք: Ընդհանրապէս եթէ անձ մը ուզէ հետեւորդներ շահիլ, ամէն տեսակ սուտ խոստումներով կը փորձ համոզել զանոնք, որպէս զի կարողանայ թիւ հաւաքել իր շուրջը: Անշուշտ սուտ խոստումներով հանդէս եկողին համար մարդը կարեւոր չէ՝ այլ թիւերը: Սակայն Քրիստոս առաջին օրէն յստակօրէն ըսաւ՝ « ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ» (Մտթ. 10:16). «Իմ անուանս համար ամէնուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մտթ. 10:22). « ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպանեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մտթ. 24:9) . « ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպանէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ» (Յովհ. 16:2): Յիսուս այս բոլորը յայտնելով յստակ ըրաւ, որ թշնամանք կայ աշխարհի եւ Աստուծոյ արքայութեան միջեւ: Կարելի չէ ակնկալել, որ քրիստոնէութեան թշնամի եղող աշխարհը, խաղաղութիւն եւ հանգիստ պարգեւէ մեզի: Նկատենք սուրբերը եւ եկեղեցւոյ հայրերը. չկայ մէկը որ Քրիստոսի կողքին դիրք բռնեց, որու գլխուն այս աշխարհը մուրճի նման չհարուածեց: Այլ հակառակը. սուրբ հայրեր մեզի կ'ուսուցանեն, որ հալածանքէ զուրկ ըլլալը կը նշանակէ, որ մենք եւ աշխարհը համերաշխութեամբ նոյն ընթացքին մէջ ենք: Աշխարհ ըսելով կը հասկնանք այն սկզբունքներն ու մտածելակերպը, որ հակառակ է Քրիստոսի ուսուցումներուն: Դարձեալ սուրբ հայրեր մեզի կ'ուսուցանեն, որ աշխարհը նաեւ մեր կիրքերն ու մեղքերն են՝ ամէն ինչ որ կապուած է ''Հին Մարդուն'' հետ: Հետեւաբար քրիստոնէութիւնը յարատեւ պայքար մըն է մեզ շրջապատող աշխարհին եւ մեր կիրքերուն ու մեղքերուն հետ: Այս ընթացքին մէջ մեզի խոստացուած խաղաղութիւն կու գայ միայն Քրիստոսէ, որ ինքն է « խաղաղութեան իշխանը» (Ես 9:6): Երբ փնտռենք աշխարհէն այն ինչ որ Քրիստոսի մօտ կայ միայն, չարաչար պիտի սխալինք:
Հարկաւոր է քրիստոնեային համար այս ճշմարտութիւնները գիտնալ, որովհետեւ այլապէս իր կեանք տխրութիւններու եւ թշուառութիւններու շարք մը պիտի ըլլայ: Քրիստոսի եկեղեցի առաջին երեք դարերուն ամեհի հալածանքներ կրեց: «Քրիստոնեայ եմ» յայտարարութիւնը բաւարար էր, որ անձ մը մահուան դատապարտէ: Սակայն եւ այնպէս քրիստոնեայ հաւատքի լաւագոյն արտայայտութիւնները կը տեսնենք այդ հալածանքի տարիներուն ընթացքին: Երբ Ս. Կոստանդին կայսրին քրիստոնէութիւնը ընդունելով հալածանքները դադրեցան, քրիստոնէութիւնը սկսաւ երերալ: Եկեղեցին բարեկամացաւ քաղաքական իշխանութեան հետ եւ փառասիրութիւնն ու դրամասիրութիւնը ներս մտաւ եկեղեցական կեանքէն ներս: Այս պատճառով վանական եւ ճգնաւորական շարժումները սկսան երեւան գալ քրիստոնեայ շրջանակներէն ներս: Այս շարժումները պատասխան էին բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքէին հեռու մնալ աշխարի ազդեցութենէն եկեղեցւոյ վրայ:
Մարդու փրկութեան գլխաւոր թշնամին իր անձն է: Այս պատճառով Տէր Յիսուս ըսաւ՝ «ով որ կ՚ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա» (Մտթ. 16:25): Հայրերէն մին ըսած է ՝ «''ԵՍ''ը մարդուն անողոք թշնամին է... Եթէ յարձակողական չըլլանք անոր հանդէպ, ան ամբողջովին կը կործանէ մեզ»: Ներկայ աշխարհի մտայնութեամբ՝ մարդ անհատի կեանքի նպատակն է շոյել եւ գգուել ''Ես''ը. որպէս թէ այդ ձեւով ան պիտի գտնէ իր խաղաղութիւնը: ''Ես''ը սակայն, երբեք զինք պիտի չհանգստացնէ այլեւ միշտ պիտի փորձէ կործանել իր կեանքը:
Հետեւաբար եթէ կը փափաքինք մեր խաղաղութիւնն ու հանգիստը գտնել, պէտք է հեռու մնանք աշխարհի ազդեցութենէն. ինչպէս նաեւ պէտք է պայքարինք մեր ԵՍին դէմ, որպէսզի Քրիստոս գայ եւ բնակի մեր մէջ, տալով մեզի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ