Զմմառու Վանքի Հիմնադրութեան 275 ամեակը
Շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2024-ի, առաւօտը աննախադէպ էր՝ Ս. Միքայէլ ընծայարանի անուանակոչութեան տարեգրութեան մէջ, ուր դպրեվանքի տօնին զուգահեռ նշուեցաւ Զմմառու Վանքի Հիմնադրութեան 275 ամեակը:
Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը կը թեւածէր վանական համալիրի տարածքին:
Հոգեւոր եւ կրթական մշակներ ժամանեցին վանքի «փոխման Ս. Կուսին» Մայր եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, զոր մատուցեց Զմմառու վանքի Մեծաւորի տեղապահ՝ Գեր. Հ. Պերճ Վրդ. Սապէ:
Հայր Պերճ իր քարոզը կառուցեց` օրուան Աւետարանին վրայ հիմնուելով, զոր կ'ըսէ` "Զգուշացէ'ք եւ մի արհամարհէ'ք մէկը այս Փոքրիկներէն, որոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն երկնաւոր Հօրս դէմքը"։
Հայր Սուրբը նորընծաներն ու ժառանգաւորները նմանցուց Աւետարանին մէջ նշուած փոքրիկներուն, ըսելով`
"Անցեալէն ձեզի աւանդուած ժառանգներուն կրողներն էք, ինչպէս` Սուրբ Պետրոսի առաքելութեանը, որով Առաքեալի Վէմը աւելի եւ աւելի ամուր եւ անխախտ պիտի պահէք։
Գրիգոր Լուսաւորչի Կանթեղի լոյսին, որու ճրագը շողշողուն եւ վառ պահողները դուք պիտի ըլլաք, որովհետեւ դուք էք այս կանթեղին իւղը։ Առանց ձեզի Ներսէս Շնորհալի հայրապետի շարականները եկեղեցւոյ մէջ լուռ կը մնան եւ Գրիգոր Նարեկացիի մատեանը` փակ եւ անգործածելի կը մնայ։
Առանց ձեզի Աբրահամ Ա.Արծիւեան. կաթողիկոս-Պատրիարքի միտքն ու պայքարը լոկ հեքիաթի կը վերածուի, քանզի Զմմառ սոսկ վանք մը չէ, Զմմառ թեմեր չէ, Զմմառ միտք եւ գաղափար է, որ միայն ձեր միջոցաւ կրնայ մարմին եւ արիւն ստանալ։
Հայր Սուրբը յորդորեց սաներուն, ըսելով`
"Սիրելի դպրեվանեցիներ` ձեզմէ պիտի խնդրեմ, որ քաջատեղեակ ըլլաք ձեր վսեմ կոչումին, ձեզմէ պիտի խնդրեմ, որ չնետէ'ք ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ, այլ` լաւագոյն ձեւով դուք հսկէք ձեր կոչումին եւ սրբութեանը վրայ։
Սիրելիներ մի' վախնաք` դուք առանձին չէք, դուք ունիք բարեխօսներ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան, Երանելի Կոմիտաս եւ Աստուծոյ Ծառան` Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան։
Մի' վախնաք, որովհետեւ դուք ունիք Զմմառու Տիրամայրը` որպէս բարեխօս եւ ունիք Բարի Հովիւը, որ պատրաստ է իննսուն եւ իննը թողնել` այսինքն ամէն բան թողել ձեզմէ բացի, որպէսզի ձեզ օգնէ, որ երբեք դուք չկորսուիք"։
Հայր Պերճ ընծայարանի տօնը շնորհաւորելով եզրափակեց քարոզը՝
"Ձեր ընծայարանի անուանակոչութեան տօնին առթիւ` ձեզմէ պիտի խնդրեմ, որ մեզի համար աղօթէք, որ լաւագոյնս ջամբենք ձեզ, որպէսզի կարողանանք այս վսեմ առաքելութիւնը եւ ծանր ու քաղցր լուծը լաւագոյն ձեւով կրենք` Յիսուսի հետ, որպէսզի դուք կարողանաք կատարեալ եւ Սուրբ Առաքեալներ դառնալ։
Դուք մեզի համար աղօթեցէք եւ մենք ձեզի համար աղօթենք, որպէսզի գիտակցիք ձեր կոչումին յարգը, մենք պիտի աղօթենք ձեզի համար, որ դուք պահէք եւ պաշտպանէք ձեր կոչումը, մենք պիտի աղօթենք ձեզի համար, որ ամէն օր Յիսուս աճի ձեր մէջ եւ ձեր եսը նսեմանայ, որպէսզի օր մը կարենանք` Սուրբ Պօղոսին հետ կրկնել "Ես չեմ, որ կ'ապրիմ, այլ` Յիսուս կ'ապրի իմ մէջս"։
Հոգեպարար արարողութենէն ետք՝ ներկաները հիւրընկալուեցան Ս. Միքայէլ ընծայարանի ճաշասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հացկերոյթ:
Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներու եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Ժառանգաւորներու երգչախումբին կողմէ հնչեցին` Հայաստանի, Լիբանանի եւ դպրեվանքի քայլերգերը, ղեկավարութեամբ` Համանուն կրթօճախի տեսուչի տեղապահ` Գեր.Պետրոս վրդ. Մարաշլեանի, իսկ ընթացքին` սաներու կողմէ գեղարուեստական յայտագիր մատուցուեցաւ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եղբ. Պօղոս Էմիշեան:
Զմմառու 275 ամեակի նուիրուած ոտանաւոր մը ձօնեց՝ Գեր. Հ. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան:
Այնուհետեւ տեսանիւթ մը ցուցադրուեցաւ,Յուլիս ամսուայ ընթացքին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաներուն Հայաստան՝ Ծաղկաձորի մէջ՝ «Անարատ յղութեան հայ քոյրեր»ու ամէնամեայ ճամբարին՝ բերած ծառայութեանը կը վերաբերէր:
Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող « Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 25-րդ համարի գինեձօնը եւ վանքի հիմնադրութեան 275 ամեակի կարկանդակի բեկանումը:
Աղբիւրը Զմմառու Վանքի դիմատետր
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ