ҽ

Աղօթել Աստուծոյ Աղօթել Աստուծոյ 

«Ինչո՞ւ աղօթել» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Մենք չենք աղօթեր Աստուծոյ կամքը փոխելու համար: Ոչ ալ կ'աղօթենք մեր բարեպաշտութիւնը ցոյց տալու համար Աստուծոյ: Այլ կ'աղօթենք զԱստուած հրաւիրելու մեր կեանքերէն ներս, որպէսզի Իր արքայութիւնը հաստատէ մեր մէջ. այսինքն իր «կամքը կատարուի երկրի վրայ ինչպէս երկնքի մէջ»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յաճախ տագնապներու մէջ հակումը ունինք աւելի աղօթելու, քան բնական ժամանակներու ատեն: Անշուշտ տագնապի մէջ Աստուծոյ դիմելը ամէնաճիշտ արարքն է: Հայրերէն ոմանք ակնարկելով դժուարութիւններու զանոնք «օրհնեալ» կը կոչեն, որովհետեւ անոնք մեզ աւելի կը մօտեցնեն Աստուծոյ: Սակայն եւ այնպէս պէտք է նշել, որ աղօթքը միայն դժուարութեան օրերուն համար չէ, այլ ան մեր կեանքի սովորական մէկ մասն է եւ կամ պէտք է ըլլայ:
Ընդհանրապէս աղօթել ըսելով կը հասկնանք՝ մեր խնդրանքները Աստուծոյ ներկայացնել: Այս պատճառով ալ ոմանք կը զարմանան, թէ ինչպէ՞ս սուրբեր երկար ժամեր կը տրամադրէին աղօթելու: Առաւել եւս Յիսուս ինքնին երեկոները կը լուսցնէր աղօթելով: Տեսնելով Յիսուսի աղօթքի կեանքը, որ տարբեր էր ժամանակակից կրօնական ղեկավարներու սովորութիւնէն, աշակերտները մօտեցան Իրէն եւ ըսին՝ « Տէ՛ր, մեզի աղօթել սորվեցուր » (Ղուկ. 11:1):

Հարցումը կը մնայ՝ ինչո՞ւ աղօթել:Առաջին հերթին պէտք է նշել, որ մենք չենք աղօթեր Աստուծոյ կամքը փոխելու համար: Ոչ ալ կ'աղօթենք մեր բարեպաշտութիւնը ցոյց տալու համար Աստուծոյ: Այլ կ'աղօթենք զԱստուած հրաւիրելու մեր կեանքերէն ներս, որպէսզի Իր արքայութիւնը հաստատէ մեր մէջ. այսինքն իր «կամքը կատարուի երկրի վրայ ինչպէս երկնքի մէջ»: Եթէ Տէրունական աղօթքը որպէս օրինակ նկատենք, հոն կը տեսնենք, որ առօրեայ հացի» խնդրանքը նախնական չէ, այլ Աստուծոյ կամքը փնտռելն է էականը: Յիսուս, երբ աշխարհ եկաւ, իր ժողովուրդը հռոմէական գերութեան տակ կը գտնուէին: Որպէս այդ, անոնք կը սպասէին Մեսիան՝ Քրիստոսին, որպէսզի գայ եւ զիրենք ազատագրէ բռնագրաւման լուծէն: Այլ Քրիստոս եկաւ նախ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզելու եւ ըսաւ՝ « խնդրեցէք նախ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» ( Մտթ. 6:33)։ Իսկ եթէ հարցնենք ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, Ս. Պօղոս կը պատասխանէ՝ « Աստուած կ՚ուզէ (կամքը)որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» ( Ա. Տիմ. 2:4): Եթէ Աստուծոյ կամքին մէջ չապրինք, ոչ ուրախութիւնը եւ ոչ ալ տխրութիւնը կրնան որեւէ իմաստ ունենալ:

Աղօթքը զԱստուած կը հրաւիրէ մեր կեանքերէն ներս, որպէսզի մեզ փրկութեան առաջնորդէ: Փրկութիւն ոչ միայն մեղքերու ներում է, այլ պայքարի ընթացք մըն է Աստուծոյ նմանելու: Փրկութիւնը մեզ կ'որդեգրէ եւ Աստուծոյ զաւակները կը դարձնէ: Որպէս Աստուծոյ զաւակներ, մենք պէտք է նմանինք մեր երկնաւոր Հօր, որու պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած ենք:

Հետեւաբար պատասխանը՝ ինչո՞ւ աղօթելու ենք. որպէսզի նախ զԱստուած մեր կեանքերէն ներս հրաւիրենք, ուր պիտի գայ իր թագաւորութիւնը հաստատելու: Ինչպէս նաեւ փրկութեամբ որդեգրութիւն ձեռք ձգենք: Այս էական քայլերէն ետք, Տէրը պիտի գայ եւ մեր կեանքերուն կարիքները ապահովէ՝ հաց մեր սեղանին, հագուստ մեր կռնակին եւ առաստաղ մեզ պատսպարելու:

Թող Աստուած պահէ մեր բոլորը, մինչեւ այն օրը երբ յաւիտենական երջանկութիւնը պիտի ապրինք իր հետ յաւիտեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2024, 09:36