Խաչվերացի տօնէն ետք վեցերորդ կիրակին (Ղուկ. 4, 14 – 24)
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Ահաւասիկ այսօր կը սկսինք Խաչվերացի տօնէն ետք վեցերորդ կիրակին, որուն շուտով պիտի յաջորդէ Գիւտ Ս. Խաչի տօնը...ինչ որ կը նշանակէ թէ արդէն իսկ կը մօտենանք Ս. Ծննդեան տօնի պատրաստութեան:
Բոլորս լսեցինք սիրելիներ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, որ բաւականին էական եւ այժմէական նամակներ կ՛ընդգրկէ ինքն իր մէջ, եւ ի զուր չէ որ այսօր հետեւեալ հարցումը կը հարցնենք. « ես որպէս Քրիստոնեայ անհատ, ի՞նչ բանի կանչուած եմ»:
1. Կանչուած եմ մէջս ընդունելու միայն ու միայն Ս. Հոգին: Յիշենք որ մարդս չի կրնար երկու տէրերու ծառայել (Տէրը եւ աշխարհը):
2. Յիշեմ որ իմ մկրտութեանս օրը, ես ստացած եմ ճերմակ զգեստը եւ կնքուած եմ Ս. Միւռոնով: Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է այդ ճերմակ զգեստս (հոգիս), եւ ինչպէ՞ս կը պահեմ այդ կնիքը՝ որպէս պաշտպան եւ ապահովութիւն նախ հոգիիս, եւ ետքը մարմինիս:
3. Կանչուած եմ աղքատներով զբաղելու...նամանաւանդ հոգիով աղքատներուն որոնք իրենց մէջ չունին եւ կամ կը պակսի Քրիստոս եւ Անոր ներկայութիւնը: Այսօր մեր բոլորին հոգը նիւթականն է սիրելիներ...չեմ ըսեր կարեւոր չէ, բայց չձգենք որ նիւթականը դառնայ մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը, եւ այսպիսով մոռնանք Ճշմարիտը եւ Էականը՝ որ է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս: Յիշենք Քրիստոսի խօսքը. «Ի՞նչ օգուտ երբ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ»...ուրեմն ճշմարիտ ուրախութիւնը նիւթականին մէջ չէ, այլ հոգեւորին, Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսի հետ:
4. Մենք կանչուած ենք փրկութեան Աւետիսը տալու... բայց նախ քան փրկութեան Աւետիսը տալու, ես կը հաւատա՞մ որ Քրիստոս ինծի համար աշխարհ եկաւ որպէսզի զիս մեղքի գերութենէն ազատելով՝ իմ անձիս տայ նոր կեանք եւ նոր յոյս...յոյս մը որ չի նմանիր աշխարհի տուած սուտ եւ ժամանակաւոր յոյսին: Սիրելիներ, երբ մենք համոզուած ենք թէ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ (եւ այդ մէկը մեր դէմքերուն վրայ յստակ կ՛ըլլայ), պիտի չուշանաք այս բարի լուրը տարածելու համայն աշխարհին, եւ անոնց մէջ սփռելու յաւիտենական ուրախութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Բամբասանքի չենք ուշանար, բայց այն ինչ որ կը վերաբերի երկինքէն հասած բարի լուրին, կամ ուշ ենք եւ կամ ալ բնաւ մեր բերանները չենք բանար:
5. Կանչուած եմ ոչ թէ միայն բարի լուրը տալու բոլորին, այլ նաեւ սրտաբեկները մխիթարելու: Այստեղ պիտի ըսէք. «վարդապետ, նախ ես մխիթարուիմ ետքը կը նայիմ ինչպէս մխիթարել ուրիշը»: Տեսէք սիրելիներ չարին գործը. իմ մէջս Տիրոջ կրակը մարելով, նաեւ պատճառ կը դառնայ որ այդ կրակը շատերու չհասնի...եւ կրակի փոխարէն ուրիշներու կը հասցնենք մեր մէջը եղած սառոյցը...կը տեսնէ՞ք չարին ճարպիկութիւնը:
6. Կանչուած եմ գերիներուն ազատութիւն բերելու...այսինքն ինձմէ խնդրուած է իմ շուրջիններուս համար ըլլամ այն որսորդը՝ որ կարող է որսալ զիրենք չարի ուռկաններէն, եւ յանձնել բոլոր հոգիները Աստուծոյ եւ Անոր Սուրբ կամքին ու նախախնամութեանը:
7. Իսկ ամէնակարեւորը, կանչուած եմ կոյրերուն աչքերը բանալու: Երանի այդ օրը հասնի ուր կարողանանք բոլոր ֆիզիկական կոյրերու աչքերը բանալ, բայց առ այժմ մեզմէ խնդրուած է բանալ մեր շուրջիններուն հոգեւոր աչքերը, որովհետեւ սատանան այնքան այսօր ուժեղ է (մեր կամքով) որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը դարձած է կոյր եւ կը տեսնէ միայն շահ, նիւթականը, ուժը եւ իշխանութիւնը...այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի կարողանանք իրագործել»:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը եւ պատասխանը մեր կատարած երկու հարցումներուն. եթէ մէջս Ս. Հոգին չգործեր, եթէ իմ ունեցած կնիքս յանձնած եմ չարին, եթէ ինծի համար էականը հոգիս չէ, եթէ տակաւին շղթայուած եմ մեղքի կապանքներով, եթէ չեմ մխիթարուած եւ թէ տակաւին կոյր աչքերս չեն բացուած, կարող ենք եզրակացնել թէ այն կոչումին համար որ մենք աշխարհ եկած ենք, տակաւին չենք կարողացած իր լրումին հասցնել. հետեւաբար, այսօր իսկ սիրելիներ կանչուած ենք մեր առջեւ ունենալու երկու կարեւոր կէտեր.
1. Յիշել Քրիստոսի խօսքը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան. « Բժիշկ, դուն քեզ նախ բժշկէ»
2. Եւ յիշէ որ միայն «Տէրն է որ պիտի փրկէ իր ժողովուրդը», եւ դուն պարզապէս միջոց մըն ես՝ եթէ անշուշտ կ՛ապրիս եւ կը գործես համաձայն Աստուծոյ կամքին եւ Անոր պատուիրաններուն. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ