ҽ

2019.02.25 crocefisso

Գիւտ Ս. Խաչի տօնը (Մատթ. 24, 27 – 36)

Մեզի կ՛իյնայ միշտ ու միշտ պատրաստ ըլլալ՝ նման հինգ իմաստուն կոյսերու, եւ մեր լապտերները մեր ձեռքերուն մէջ՝ դիմաւորելու Ճշմարիտ եւ Յաւիտենական Փեսան. Ամէն:
Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Այսօր եւ համաձայն մեր ծիսական տօնացոյցին, կը տօնենք Գիւտ Ս. Խաչի տօնը:

Երբ կը կարդանք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, կը տեսնենք թէ ինչպէս Քրիստոս մեզ կը պատրաստէ Իր երկրորդ գալուստին, եւ կը խօսի այն դէպքերուն մասին՝ որոնք պիտի պատահին նախ քան՝ Իր աշխարհ վերադարձը:

Կ՛ըսէ.

1.     Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման (Իր Աստուածային ամբողջական փառքով եւ ոչ թէ իշու վրայ նստած),

2.     Այս կայծակը կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը (կը յիշեցնեմ որ Ինքն է Ճշմարիտ Լոյսը, եւ ոչ թէ այն լոյսը եւ կամ յոյսը որ մեզի կու տայ աշխարհը),

3.     Երբ գայ, անգղներու նման բոլորը հոն պիտի հաւաքուին (մէկ խօսքով, մարդս կը դադրի ըլլալէ կեդրոնը ամէն ինչի – ինչ որ արդէն իսկ ինք պէտք չէ ըլլայ- եւ Քրիստոս Ինք կը դառնայ մեր կամքով եւ նոյնիսկ ակամայ՝ Տէրը, ստեղծիչը եւ իմաստը բոլոր ստեղծագործութիւններու),

4.     Արեւը պիտի խաւարի (Քրիստոսի ներկայութեանը մէջ, Ինք որ յաւիտենական եւ մշտնջենական լոյսն է, տակաւին ո՞վ կրնայ ըսել որ ինքն է լոյսը...Քրիստոսի ներկայութեանը մէջ, արեւը նոյնիսկ կը խոնարհի...իսկ մե՞նք),

5.     Երկնային մարմինները պիտի սասանին (որովհետեւ իրենց Տէր, Ստեղծիչը եւ արարիչը աշխարհ կը դառնայ դատելու համար ողջերն ու մեռեալները, եւ հաշիւ պահանջելու թէ Իր տուած քանքարներով մենք ի՞նչ ըրինք...),

6.     Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկնքի մէջ (եւ այդ նշանը մէկ է՝ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԸ  , որ դժբախտաբար մեզմէ շատեր կ՛ամչնան զայն օգտագործելու եւ կամ՝ յայտնուելու որպէս մէկական քրիստոնեայ անհատներ...չամչնանք խաչէն, որովհետեւ խաչն է մեր երկինք մտնելու բանալին),

7.     Պիտի լսենք մեծաձայն փողը (երկնային ձայնը, որմով պիտի հաւաքուին ողջերը, իսկ ննջեցեալները՝ յարութիւն պիտի առնեն...յիշենք եւ չշփոթենք փողին ձայնը՝ կեղծ եւ վաղանցուկ ձայներով),

8.     Սակայն հետաքրքրական բաժինը այն է որ ոչ ոք գիտէ Անոր գալստեան օրը, եւ այդ պատճառով է որ մեզմէ ամէն օր պահանջուած է պատրաստ ըլլալ այս մեծ օրին, որովհետեւ գողի պէս պիտի ըլլայ...ով որ պատրաստ է, ինք պիտի արժանանայ յաւիտենական կեանքին եւ ուրախութեան:

Հետեւաբար սիրելիներ, այս բոլորը պիտի պատահին եւ անկասկած, մեզի կը մնայ միշտ ու միշտ պատրաստ ըլլալ՝ նման հինգ իմաստուն կոյսերու, եւ մեր լապտերները մեր ձեռքերուն մէջ՝ դիմաւորելու Ճշմարիտ եւ Յաւիտենական Փեսան. Ամէն:   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2024, 07:50