ҽ

2023.03.21 pregare nella cappella

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, երրորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ լուրը

«Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպանութիւն մի՛ ըներ։ Ով որ սպանութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ» (Մատթ. 5, 21-22)։

«Տէր, դուն կը հրաւիրես մեզի ընտրելու այն Կեանքը, որ դուն մեզի կու տաս:
Բայց մեր վախերը, մեր անապահովութիւնները և մեր քու եւ քու սիրոյդ նկատմամբ վստահութեան պակասը մեզի արգելք կը հանդիսանան կեանքը ապրելու լիութեամբ, կեանք ունենալու քու մէջդ եւ զայն ուրիշներու հետ կիսելու: Օգնէ մեզի։ Լսէ մեր ձայնը և փրկէ մեզ հակամարտութենէն և մահէն: Տուր մեզի միշտ Քեզ ընտրելու քաջութիւնը։ Ամէն.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 08:00