ҽ

2024.10.05 Sua Beatitudine Raphael Bedros XXI Minassian, Patriarca di Cilicia degli Armeni

Ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրեցի որ միջամտէ Լիբանանեան ողբերգութեան լուծման

«Ես Քահանայապետէն խնդրեցի որ ճնշում բանեցնէ միջազգային ընտանիքի վրայ, որպէսզի վերջ դրուի պատերազմին ու տմարդկային տանջանքին, որուն վերջին օրերուն թիրախ դարձած է Լիբանանի ժողովուրդը եւ Պապը խոստացաւ ընդառաջել իմ խնդրանքիս ու կարելին ընել այդ ուղղութեամբ» Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 5 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ` Վատիկանի մէջ մասնակցելու համար Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին, առիթը ունեցաւ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ու անոր հետ քննարկելու զանազան հարցեր, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը։

Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինը կապ հաստատելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ Անորմէ իմացաւ, որ զրոյցի ընթացքին Ինք Քահանայապետէն խնդրած է, որ ճնշում բանեցնէ միջազգային ընտանիքի վրայ, որպէսզի վերջ դրուի պատերազմին ու տմարդկային տանջանքին, որուն այս վերջին օրերուն թիրախ դարձած է Լիբանանի ժողովուրդը։ Հոգեւոր Տէրը տեղեկացուց նաեւ` թէ Ֆրանչիսկոս Պապը  կարելին պիտի ընէ խաղաղութեան հաստատումին համար։

Յայտնենք, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կամքով, վաղը` Կիրակի 6 Հոկտեմբերին Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ տեղի ունենալիք Սուրբ Վարդարանի աղերսական աղօթքին, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի հայցէ խաղաղութեան շնորհքը աշխարհին համար։

Նշենք ապա թէ առաւօտեան կայացած հանդիպումին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կ՛ընկերանային հնդկական «Radha Soami Satsang Beas» հոգևոր կազմակերպութեան անդամներ։

Հնդկաստանի մէջ 1891 հիմնուած Radha Soami Satsang Beas-ը կրօնական կազմակերպութիւն մըն է, որ առաջնորդուած է կրօններու մեծ մասի հիմք հանդիսացող հոգևոր հաւատալիքներով։ RSSB-ի ուսուցումներուն կիզակէտը կը կազմէ այն համոզումը, թէ կայ մարդկային կեանքի հոգևոր նպատակ՝ զգալ Աստուծոյ աստուածութիւնը, որ կը բնակի բոլորիս մէջ: Այս փորձառութեան միջոցաւ է, որ մենք կը հասկանանք այն գաղափարի ճշմարտացիութիւնը, որ կայ միայն մէկ Աստուած, և մենք բոլորս անոր սիրոյ արտայայտութիւնն ենք:

Կազմակերպութիւնը կը գործէ զանազան մարզերէն ներս, ըլլայ բարեսիրական ըլլայ մարդասիրական եւ ըլլայ մշակութային ու կրօնական։ Ան Հայաստանի տարածքին եւս իրականացուցած է մարդասիրական բազմաթիւ ձեռնարկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2024, 12:02