ҽ

2024.05.20 PIZZABALLA EM GAZA

Կարդինալ Փիցցապալլային շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին

«Մենք կարիքը ունինք զարգացումի, կազմաւորման մէջ ներդրումի, խաղաղութեան կրթութեան .... Մենք յանձնառու ենք ոչ մէկը լքել ու մօտիկ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք ցաւի մէջ են ու միայնակ, գիտնալով` որ առանձին չենք ու Դուք մեր կողքին էք։ Աղօթքով պիտի շարունակենք հայցել խաղաղութիւնը վստահելով Աստուծոյ, Տէրը բոլոր ժամանակներուն ու պատմութեան» գրած է նամակի աւարտին ի միջի այլոց Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա շնորհակալական նամակ մը յղած է Ֆրանչիսկոս Պապին, Անոր անցեալ 7 հոկտեմբերին Միջին Արեւելքի Կաթողիկէներու ուղղած նամակին ի պատասխան։

Ծիրանաւորը նամակը գրած է յանուն տարածաշրջանի բոլոր Պատրիարքներուն, Եպիսկոպոս առաջնորդներուն ու քրիստոնեայ հաւատացեալներուն նշելով, որ «մեծ ուրախութեամբ ընկալեցինք ձեր գրութիւնը, որուն մէջ դուք ձեր մօտիկութիւնը կ՛արտայայտէք, ու մեզի թանկարժէք խրատներ կու տաք շարունակելու կեանքը` այս երկար գիշերուան մէջ, որ կարծես անվերջ է, թէեւ գիտենք որ պիտի աւարտի»։

Աղօթքի ու ծոմապահութեան օր

Նամակին մէջ Կարդինալ Փիցցապալլան նշած է թէ անցեալ 7 հոկտեմբերին բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւնները միացած Ֆրանչիսկոս Պապին ապրեցան ծոմապահութեան ու աղօթքի օր մը, «աղերսելու համար խաղաղութեան պարգեւը»։ Անոնք` գրած է միշտ Ծիրանաւորը, «մեր զէնքերն են, սիրոյ զէնքերը» ու «մեր պատասխանն են յուսահատութեան, որ միշտ աւելիով կը տարածուի»։

Կարիքը կայ կարեկցանքի 

«Այս ատելութեան շրջագիծէն ներս կարիքը կայ կարեկցանքի, սիրոյ ժեստերու ու խօսքերու, որոնք նոյնիսկ եթէ չփոխեն իրականութիւնը կարող են մխիթարութիւն ու սփոփանք արծարծել, որոնց կարիքն ունինք բոլորս...Այս ամիսներուն քահանաները, կրօնաւոր ու կրօնաւորուհիները միշտ մօտիկ մնացին իրենց հասարակութիւններուն ու դժուարութեան մէջ ապրող անձերուն, նոյնիսկ վտանգաւոր վայրերու մէջ» գրած է ի միջի այլոց Կարդինալ Փիցցապալլան, աւելցնելով նաեւ, թէ «նոյնիսկ եթէ մարդկայնօրէն դժուար է այսպիսի իրադարձութիւններուն ի տես, սիրել մեր թշնամիները եւ աղօթել անոնց համար, որոնք մեզ կը հալածեն, մենք կը շարունակենք Աստուծմէ հայցել այս շնորհքը աղօթքի միջոցաւ»։

Պէտքը կայ նոր տեսութիւն ունեցող առաջնորդներու

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը` անդրադարձ կատարած է նաեւ միջ կրօնական երկխօսութեան, որ «վիրաւոր» է այս պահուն, ապա ընդգծած է, որ տարածաշրջանը պէտք ունի նոր առաջնորդներու որոնք ունին նոր տեսութիւն մը, որովհետև «գաղափարը` որ ռազմական ռազմավարութիւնը կարող է դրական նորութիւններ բերել մեր տարածաշրջանի համար, պատրանք է», եւ «բռնութիւնը միշտ բռնութիւն կ՜արտադրէ ու նոր սերունդին մէջ կը ստեղծէ այլ ատելութիւն...»։

Աղօթքով հայցել խաղաղութիւնը

«Մենք կարիքը ունինք զարգացումի, կազմաւորման մէջ ներդրումի, խաղաղութեան կրթութեան .... Մենք յանձնառու ենք ոչ մէկը լքել ու մօտիկ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք ցաւի մէջ են ու միայնակ, գիտնալով` որ առանձին չենք ու Դուք մեր կողքին էք։ Աղօթքով պիտի շարունակենք հայցել խաղաղութիւնը վստահելով Աստուծոյ, Տէրը բոլոր ժամանակներուն ու պատմութեան» գրած է նամակի աւարտին ի միջի այլոց Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2024, 08:00