Սուրբ Երկրի Լատինաց պատրիարքի հրաւէրը աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիցապալլա նամակ մը յղած է Սուրբ Երկրի Լատինաց թեմին եօթը հոկտեմբերին աղօթելու եւ ծոմ պահելու, աշխարհի խաղաղութեան համար։
Հրաւէրի մէջ կարդինալ Փիցապալլա յիշած է մէկ տարի առաջ Սուրբ Երկրի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը ու անկէ յառաջացած տասն երկու ամիսներու ընթացքին բռնութիւնները եւ բախումները նշելով, որ այդ ողբերգութիւններու ուժգնութիւնն ու ազդեցութիւնը խորապէս պատռեցին մեր եւ մարդասիրութեան խիղճը։
Կարդինալ Փիացապալլա նամակին մէջ նշած է , որ բռնութիւններու պատճառով արձանագրուեցան հազարաւոր անմեղ զոհեր ու այդ աղէտալի ողբերգութիւնները հարուածեցին սուրբ Երկրի ընդհանուր պատկանելութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ խիղճերը ու վերջին ամիսներու եկեղեցին յաճախ արտայայտուած է տեղի ունեցող բաներու մասին եւ շատ անգամ կրկնած է դատապարտումը այս անիմաստ պատերազմին, հրաւիրելով բոլոր կողմերը դադրեցնելու բռնութիւնը եւ ունենալու քաջութիւնը՝ բացայայտելու համար ընթացող պատերազմի լուծումը գտնելու ուղիները։
Կարինալ Փիցապպալա նամակին մէջ դարձեալ հրաւիրած է կառավարիչներն ու պատասխանատուները աշխատելու արդարութեան եւ իւրաքանչիւր անձի իրաւունքի, ազատութեան, արժանապատւութեան եւ խաղաղութեան պաշտպանութեան յանձնառութեան համար։
Նամակին մէջ Սուրբ Երկրի լատինաց պատրիարքը դիտել տուած է որ կղերականները եւս պարտականութիւնը ունին աշխատելու խաղաղութեան համար «նախ եւ առաջ պաշտպանելով մեր սիրտերը ատելութեան զգացումէն եւ պաշտպանելով բոլորին բարի փափաքը»։ Կարիքը ունինք աղօթելու, Աստուծոյ տանելու մեր ցաւերը ,մեր խաղաղութեան փափաքը։ Պահանջը ունինք ապաշխարելու եւ ներում հայցելու»
Կարդինալ Փիցապալլան նամակը աւարտած է հրաւիրելով, 7 հոկտեմբերին աղօթելու եւ ծոմ պահելու նշելով, որ Հոկտեմբեր ամիսը Տիրամօր ամիսն է եւ կը յիշուի Վարդարանի Մարիամ թագուհի յիշատակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ