ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ Հինգերորդ շաբաթ Խաչին (13_20 Հոկտեմբեր 2024)
Կիրակի 13 Հոկտեմբերին, կը սկսի Սուրբ Խաչի Ե. շաբաթը : Կը շարունակուի ընթերցումը Մարկոսի աւետարանին ԺԲ. և ԺԳ. գլուխներուն յաջորդաբար` կիրակի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը. Այս կիրակի` Այրի կնոջ լումային մասին է որ կը խորհրդածէ Քրիստոս եւ կ՛ուզէ բացատրել իր աշակերտներուն թէ տաճարին նուէր տրուած դրամին քանակը չէ կարեւորը, այլ նուիրատուութիւնը սրտանց կատարելը որ հաճելի է Աստուծոյ առջեւ։ Այս շաբթուայ ընթացքին կը տօնենք գլխաւորաբար Պօղոս Առաքեալի աշակերտներուն տօները, անոնք որ հետեւեցան արկածախնդիր առաքեալին իր ճամբորդութիւններու ընթացքին, սորվելու համար իրմէ առաքելութեան կերպերն ու միջոցները հոգիները դէպի Քրիստոս առաջնորդելու։
Երկուշաբթի օրը՝ կը տօնենք Աղուաններու կաթողիկոս` Գրիգորիս հայրապետի նշխարներուն գիւտը. Ան որդին էր Վրթանէսի, ուստի եւ թոռը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի. Ղրկուեցաւ որպէս աւետարանիչ աղուան ազգին եւ լուսաւորիչ անոնց. Սակայն կարգ մը հեթանոս իշխաններ հակառակեցան իրեն եւ զինք բռնելով չարաչար մահուան ենթարկեցին. Թաղուեցաւ Ամարաս Աւանին մէջ, Սիւնիքի մօտ եւ միայն Ժ. դարուն է որ իր աճիւնները մէջտեղ եկան, Աղուաններու Վաչագան քրիստոնեայ թագաւորի օրով. 489 թուին, իր աճիւններուն վրայ շինուեցաւ Ս. Գրիգորիս անունով հոյակապ եկեղեցին։ Կը տօնենք նաեւ շարք մը հայ ճգնաւորներ` Թաթուլ, Վարոս, Թովմաս, որոնք աշակերտած էին Սահակի եւ Մեսրոպի եւ, Վարդանանց պատերազմէն ետք, քաշուեցան ճգնարաններու մէջ եւ սրբակեաց վարքով մեծ համբաւ հանեցին եւ վանքեր ալ կառուցին։ Իսկ Լուսաւորիչի ժամանակ` նաեւ ունեցանք ճգնաւորներ, Անտոն եւ Կրոնիդէս, որոնց յանձնեց Սուրբ Գրիգոր հայ կղերին կազմութեան գործը։ Ասոնց հետ կը տօնուին նաեւ եօթը Խոտաճարակներ կոչուած հայ ճգնաւորներու խումբը, որոնք կ՛ապրէին Գլակ վանքի մօտերը, Աւետեաց բլուրի քարայրներուն մէջ։ Երբ Պարսիկներու կողմէ գունդ մը հասաւ այն կողմերը եւ ուզեց կողոպտել վանքը, անոնք պաշտպանեցին հայոց սրբութիւնները եւ այդ պատճառաւ` եօթն ալ նահատակուեցան, գլխատուելով։
Երեքշաբթի օրը ` կը տօնենք Ս. Պօղոսի աշակերտներէն եւ գործակիցներէն` Անանիա դամասկացին, որ զինք ընդունեցաւ իր տան մէջ, դարձի գալէն ետք. Նաեւ Մատաթիա առաքեալը, որ փոխարինեց Յուդա Իսկարիովտացին. Ինչպէս նաեւ Բառնաբասը, Շիղան եւ Սիղուանոսը, որոնք իր անմիջական գործակիցներն էին ու ճամբու ընկերները։ Կը յիշուին նաեւ Փիլիպպոսը եւ Յովհաննէսը եւ 12 վարդապետները։
Հինգշաբթի օր` տօնն է Պօղոս առաքեալի միւս աշակերտներուն. Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի որոնք հեթանոսութենէն եկան դէպի քրիստոնէութիւն եւ որոնց առաքեալը ուղղած է նամակներ. Կը յիշուի նաեւ Դիոնիսիոս Արիսպագացի յոյն աշակերտը, որ Աթէնքի մէջ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ Պօղոս առաքեալին։
Շաբաթ օր, տօնն է 4 աւետարանիչներուն, Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի։ Նոյն օրը կը տօնուին նաեւ երեք վկաներ Գ.դարու, Տարագոս, Պրոբոս եւ Անդրոնիկոս, որոնք նահատակուեցան Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ, դարձեալ Տարսոնացի կոյս մը, Պեղաքիա անունով որ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոս կայսեր հրամանով։
Կիրակի 20 հոկտեմբերը, Զ. Կիրակին է զկնի Խաչի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ