ҽ

2024.01.21 Santa Messa in rito armeno alla Radio Vaticana

Եկեղեցական գիտելիքներ. Դ. Շաբաթ զկնի Խաչի (6-13 հոկտեմբեր 2024)

Մենք այսօր գիտե՞նք արդեօք թէ ուրկէ կու գայ Քրիստոսի իշխանութիւնը, թէ կարգ մը մակերեսային հաւատք ունեցող քրիստոնեաներու նման կը վարանինք Քրիստոսը Աստուած կոչելէ եւ իր իշխանութիւնը հաստատելէ մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ։ Յիսուս-Քրիստոս Տէր եւ Աստուած է, Արարիչ եւ փրկիչ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի՝ 6 Հոկտեմբերին տակաւին կը գտնուինք Խաչի շրջանին մէջ, եւ Մարկոսի աւետարանը կը կարդացուի յաջորդաբար` կիրակի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը. Այս կիրակի` կը տեսնենք Հրեաները որոնք հաւաքուած Յիսուսի շուրջ, զինք քննութեան կ՛ուզեն ենթարկել, եւ կը պահանջեն իրմէ որ յայտնէ իրենց թէ ինչ իշխանութեամբ կը քարոզէ ու կը գործէ Տաճարին մէջ։

Այո, Յիսուս ոչ քահանայական ընտանիքին կը պատկանի, ինչպէս զոր օրինակ` Յովհաննէս Մկրտիչ, ոչ ալ ճանչցուած է որպէս մարգարէ Երուսաղէմի մէջ։ Իր անունը տարածուած է աւելի Յուդայի երկրէն դուրս, Գալիլիոյ, Սամարիոյ, Դեկապոլսոյ, Փիւնիկիոյ մէջ եւ այլուր։ Սակայն Երուսաղէմի ջոջերը շատ լաւ գիտեն թէ Յիսուս ինչ իշխանութիւն ունի, սակայն չեն ուզեր զինք ընդունիլ, ոչ ալ կ՛ուզեն իր ուսուցած վարդապետութեան մտիկ ընել։

Մենք այսօր գիտե՞նք արդեօք թէ ուրկէ կու գայ Քրիստոսի իշխանութիւնը, թէ կարգ մը մակերեսային հաւատք ունեցող քրիստոնեաներու նման կը վարանինք Քրիստոսը Աստուած կոչելէ եւ իր իշխանութիւնը հաստատելէ մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ։ Յիսուս-Քրիստոս Տէր եւ Աստուած է, Արարիչ եւ փրկիչ։

Երկուշաբթի 7 Հոկտեմբերին կը տօնենք երկու հայրապետներ. Մին` Պոնտոսի եկեղեցիէն, Փոկաս անունով եպիսկոպոս մը, որուն մասին շատ տեղեկութիւններ չունինք, միայն որ նահատակուեցաւ Տրայանոս կայսեր օրով, առաջին դարուն. Իր աճիւնները կը գտնուին այժմ Ֆրանսայի Վիեն քաղաքին մէջ։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Սուրբ Երանոս (յունարէնով` Իրէնէոս) հայրապետը որ կը կոչուի հետեւող Քրիստոսի աշակերտներուն. Ան ծնած է Զմիւռնիա 120 թուին եւ աշակերտած է Սուրբ Պօղիկարպոսի, որ իր կարգին աշակերտն էր Յովհաննէս Աւետարանիչին։ Ան ուղղարկուեցաւ Գաղիա, որ այժմու Ֆրանսան է, Լուկտունում քաղաքը, որ այսօր Լիոն կը կոչուի. Յաջորդեց Պոթինոս եպիսկոպոսին, որ Լիոնի առաջին հայրապետը եղած է։ Ան պայքար մղեց նոյն դարու հերետիկոսներուն դէմ, գլխաւորաբար Մոնտանականներուն եւ Վաղերիանոսի աղանդին դէմ։ Իր Ընդդէմ Հերձուածոց գիրքը մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ թարգմանուեցաւ շատ մը լեզուներու, ի մէջ այլոց նաեւ հայերէնի. Մինչ միւս լեզուներու բնագիրները կորսուած էին, հայկական թարգմանութեան ձեռագիրը ծառայեց որպէս հիմ արդի լեզուներու թարգմանութեան մեծ հայրապետի գրութիւններուն. Երանոս նահատակուեցաւ Սեւերոսի յարուցած հալածանքներուն առթիւ, 202 թուականին։

Երեքշաբթի 8 հոկտեմբերին` կը տօնենք երկու նահատակ կոյսեր, Թեկղ եւ Վարվառէ, Գաղատիոյ եկեղեցիէն, որոնք չուրացան իրենց հաւատքը, նոյնիսկ սաստիկ տանջանքներէ եւ ստորնացումէ ետք։ Վերջինը` Վարվառէն գլխատուեցաւ իր իսկ հօրը ձեռքով։ Յետագային անոնք դարձան Եկեղեցւոյ շատ սիրուած ու յարգուած սրբուհիներ։

Հինգշաբթի օր` 10 հոկտեմբերին կը տօնենք Սուրբ Պանդալէոն բժիշկը որ ֆիզիքական առողջութեան հետ` նաեւ հոգւոյ առողջութիւն կը պարգեւէր հիւանդներուն. Նահատակուեցաւ Մաքսիմիանոսի օրով։ Իրեն հետ նահատակուեցաւ նաեւ Երմողայոս քահանան։ Իրենց հետ կը տօնուի նաեւ Եւպրաքսէ կոյսը որ նշանաւոր դարձաւ Դ. Դարուն վերջերը, իր սրբութեամբ եւ առաքինութեամբ։

Շաբաթ օրը 12 հոկտեմբերին տօնն է Սուրբ Կալիստրատոս նահատակ զօրավարին եւ իր 49 զինուորներուն։ Կը տօնենք նաեւ Ղուկիանոս Անտիոքացի քահանան, նահատակ Դիոկղետիանոսի օրով։

Կիրակի 13 հոկտեմբերը, Ե. կիրակին է զկնի Խաչի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2024, 08:00