«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն». Լիբանանի մէջ ամբողջ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու դռները բաց են բոլոր գաղթականներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութիւնը կապ հաստատելով Մարոնիներուն Պալապաքի, Տէր Էլ Ահամար թեմի եպիսկոպոս, գերպ Հաննայ Ռահմյին հետ հաղորդեց որ Լիբանանին մէջ ներկայ ժամանակներուն քրիստոնեայ հասարակութիւնները հսկայական ջանք կը թափեն՝ հիւրընկալելու համար ռմբակոծումներէն փախչող անձերը ու Իսրայէլի ռմբակոծումները կը հարուածեն Պալպաքի թեմի տարածքը գտնուող ռազմավարական գօտիները, մասնաւորապէս Պալպաքի շրջակայքը, ուր կ՝ենթադրուի որ կան Հզպալլայի կեդրոններ ու կան գիւղեր ՝ուր կ՝ապրին ըլլայ Քրիստոնեայ ըլլայ Իսլամ մեծ հասարակութիւններ։
Աւելի քան 200 հազար մարդ կը փախչին։
«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութիւնը հաղորդեց, որ Գերպ Ռամէի թեմը կը ծածկէ գրեթէ երկրի տարածքին 27 առ հարիւրը ու կը գտնուի մարզի մը մէջ ուր կան շուրջ 450.000 Շիի մահմետականներ ապա Տէրյ Էլ Ահմար շրջանին մէջ ռմբակոծումները օրական կը շարունակուին՝ թիրախաւորելով Հզպալլայի ռազմական եւ տնտեսական գօտիները եւ գրեթէ 13000 մարդ փախած ու հասած են թեմի շրջանները, որոնք բնակչութեան մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են։
Բարեսիրական հաստատութեան հաղորդագրութենէն տեղեկացանք, որ Տէյր Էլ Ահմարի մէջ՝ ուր կը գտնուի Մարոնիներուն առաջնորդարանը ու անոր շուրջ գտնուող գիւղերը, շուրջ 2300 մարդ հիւրընկալուած են դպրոցական կառոյցներուն մէջ ինչպէս նաեւ շուրջ 5000 մարդ հիւրընկալուած են անձնական տուներու մէջ, վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ հիւրընկալուած են շուրջ 1500 հոգիներ։
«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութիւնը յղում կատարելով Մարոնի արքեպիսկոպոսին, հաղորդագրութեան մէջ տեղեկացուց ,որ կան բազմաթիւ գաղթականներ որոնք կը քնանան ճամբաներու վրայ եւ ըստ գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան տուեալներուն, 21 սեպտեմբերէն մինչեւ 3 հոկտեմբեր, Սուրիա գացած են շուրջ 82000 լիբանանցիներ եւ 152000 սուրիացիներ։
«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութեան իտալական բաժինի տնօրէն, Մասիմիլիանօ Թուապին բացատրեց որ Լիբանանի մէջ արդեն տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան ջանքերը արեն առաւելագոյն մակարդակի վրայ էին, սակայն այժմ տեղի ունեցաւ ժողովուրդին պայմաններու վատթարացում։
«Օգնութեան այս բոլոր հոսքը՝ այսօր թոյլ կու տայ քրիստոնեայ համայնքներուն ընդունիլ քրիստոնեայ եւ մահմետական հազարաւոր ընտանիքներ, որոնք կը փախչին ռմբակոծումներէն տուժած վայրերէն, ընդգծեց Թուապի ու զգուշացուց որ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հաստատութեան զօրակցութիւնը նոյնպէս հիմնարար է Քրիստոնեայ հասարակութիւնը նոր արտագաղթէն խուսափելու համար, ինչ որ առ աւելիով կը տկարացնէ Լիբանանի ընկերային հիւսուածքը։
«Ամրապնդենք քրիստոնեայ համայնքը, որպէսզի ան կարենայ ներկայացնել Լիբանանեան հասարակութեան ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան տարրը», ըսաւ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութեան իտալական բաժինի տնօրէնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ