Աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը աճած է հասնելով մէկ միլիառ, 398 միլիոնի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ի տես 98-րդ Միսիոնարականութեան համաշխարհային օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ 20 հոկտեմբերին, «Ֆիտես» լրատու գործակալութիւնը ներկայացուց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թարմացուած վիճակագրութիւնը։ Յիշեալ տուեալները, որոնք քաղուած են Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրութեան տարեգիրքէն, կը ներկայացնեն 2022 թուականին, 31 դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ ընդհանուր իրավիճակը։
Աշխարհի բնակչութեան թիւը հասած է 7.838.944.000 մարդու, նախորդ տարուան համեմատ աճելով 7.838.944.000, հաստատելով դրական միտում, բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, բացի Եւրոպայէն։ Կաթողիկէներուն թիւն է 1.389.573.000, արձանագրելով 13.721.000 աճ, մինչ Եւրոպայի մէջ նուազած է Կաթողիկէներու թիւը շուրջ 474.000 ։ Ամենամեծ աճ արձանագրող տարածքներ են Ափրիկէ (+7.271.000)։ Ամերիկա (+5.912.000), ու ըստ այս տուեալներուն աշխարհի մէջ կաթողիկէներու տոկոսը աւելցած է հասնելով 17,7%.
Աշխարհի մէջ եպիսկոպոսներուն ընդհանուր թիւը հասած է 5353ի, նախորդ տարուան համեմատ+13։ Մինչ նուազած է կրօնաւորներուն թիւը (-6)։ Նուազած է նաեւ քահանաներուն թիւը 142ով, հասնելով 407.730։ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ գրանցուած է նկատելի անկում, մինչ Ափրիկէ եւ Ասիա աճի նշաններ նկատուած են։
Մնայուն սարկաւագներուն թիւը հասած է 50.159, իսկ ոչ քահանայ կրօնաւորներուն թիւը հասած է 49.414։ Կրօնաւորուհիներու թիւը նուազելով հասած է 599.228ի։ Ինչ կը վերաբերի նորընծաներուն անոնց թիւը նուազած է՝ ըլլայ մեծ ըլլայ փոքրիկ նորընծաներու թիւը։
Կրթական մարզէն ներս, եկեղեցին կը կառավարէ 74.322 մանկապարտէզներ, 102.189 նախակրթարաններ եւ 50.851 միջնակարգ դպրոցներ։ Առողջապահութեան ոլորտէն ներս կը գործեն 102409 հաստատութիւններ, որոնց շարքին հիւանդանոցներ ու ծերանոցներ։
Եկեղեցին ունին 1123 եկեղեցական շրջաններ, որոնց մեծամասնութիւնը Ափրիկէի մէջ (525) եւ Ասիա(525)։
Յաւելուած վերլուծում մը կը քննարկէ նաեւ վերջին 25 տարիներու ընթացքին արձանագրուած փոփոխութիւնները (1998-2022), ընդգծելով ամբողջ աշխարհին մէջ կաթողիկէներուն թիւի մշտական աճը, մինչ քահանաներու թիւը քիչ մը աճելով նուազած է ոչ քահանաներ կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն թիւը։ Նուազած են նաեւ Մկրտութիւններուն թիւը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ