Գոհաբանական սուրբ պատարագ Կարդինալ Աղաճեանեանի Լիբանան վերադարձին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 15 սեպտեմբեր 2024ի առաւօտեան, Պէյրութի Սուրբ Եղիա Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական սուրբ պատարագ` երանաշնորհ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի աճիւններուն Հռոմէն Պէյրութ փոխադրման առիթով։
Սուրբ Զոհը մատուցեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքը որուն նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ է որ Աղաճաենեան Կարդինալին աճիւնները փոխադրուեցան Լիբանան եւ անցեալ հինգշաբթի` 12 սեպտեմբերին, Լիբանանի քաղաքական, քաղաքացիական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան աւարտին զետեղուեցան վերոյիշեալ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս վերջին օրերուն արժանացան բազմաթիւ հաւատացեալներու մեծարանքին։
Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտը դրաւ Կարդինալ Աղաճանեանի Պէյրութ փոխադրման պատմական իրադարձութեան վրայ, գոհութիւն յայտնելով առ Աստուած Կարդինալ Աղաճաեանի նման հայրապետ մը նուիրելուն համար, ընդգծելով որ «այսօր կը սկսի նոր շրջան մը, նոր քրիստոնէական վկայութիւն մը որ երանաշնորհ կարդինալին հետքերով պէտք է ընթանայ, հայցելով անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ ալ ամրապնդէ հաւատքին մէջ»։
Սուրբ զոհի աւարտին Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ Հայր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան խորան հրաւիրեց երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբի պատասխանատու` Տիկ Ալեսսանտրա Սքոթթոն, որ արժանացաւ Պատրիարաքական շքանշանի մը իր տարիներու անխոնջ աշխատանքին համար, մինչ պատարագի աւարտին բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուեցաւ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահ միասին տօնախմբելու Եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Հայր Արամ Սատտոյի քահանայական ձեռնադրութեան երկրորդ տարեդարձը զոր տեղի ունեցաւ կարկանդակի բեկանումով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ