Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (21)
ԻԱ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի սուրբ գրային արժէքին:
Դարերու ընթացքին, Մաշտոցի բնագիրներուն մէջ՝ Ս. Գիրքէն հատուածներ և աղօթքներ աւելցուած են, արարողութեան սուրբ գրային նշանակութիւն տալու միտումով: Յիրաւի, Մաշտոցի բոլոր արարողութեանց առանցքը կը կազմէ Աստուածաշունչը իր Հին և Նոր Կտակարաննեով, Առաքելական թուղթերով, սաղմոսներով, շարականներով և քարոզներով: Արդարեւ, ծիսաբանները կը հաստատեն թէ Աւետարանները գրուեցան ծիսական կարգաւորութեան համար, ինչպէս որ կը կարդացուէին Հին Կտակարանը, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ մէջ կը կարդային Աւետարանը: Ասով հանդերձ՝ Աւետարանները ծիսական գիրքեր չեն, բայց Եկեղեցւոյ մէջ ժամանակի ընթացքին ծիսականացած են: Ըստ Հայ պատմիչներու՝ Հայաստանի մէջ գիրերու գիւտէն շատ առաջ սկսած էր արդէն Սուրբ Գիրգի հայերէն բանաւոր թարգմանութիւնը:
301-ին, երբ Հայաստանը կ'ընդունի քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կը դառնայ Սուրբ Գիրքի առաջին բանաւոր թարգմանիչը՝ սկիզբ դնելով Սուրբ Գրային բնագրերու թարգմանութեան բանաւոր շրջանին: 405-406 թուականներուն, գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, սկիզբ կ'առնէ Աստուածաշունչի ոսկեղենիկ թարգմանութիւնը, և իր աւարտին կը հասնի՝ 434-ին: Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը այնքան ճշգրիտ եղած էր, որ այսօր ան կը նկատուի Ս. Գիրքի ամենահարազատ թարգմանութիւններէն մին և օտարներու կողմէ արժանացած է «Թագուհի Թարգմանութեանց» տիտղոսին: Սուրբ գիրքի հայերէն թարգմանութեան լեզուն պարզ է, դիւրըմբռնելի, յստակ ու գեղեցիկ։ Յատկապէս սքանչելի են «Երգ երգոցի», «Սաղմոսագրքի», մարգարէական գիրքերու և Աւետարաններու թարգմանութիւնները, որոնք կը վկայեն Ե. դարու հայոց լեզուի հարստութեան ու ճոխութեան, ինչպէս նաեւ անոր պարզութեան և յստակութեան մասին։
Դիտելի է թէ Մաշտոցի կանոններուն մէջ իրար կը յաջորդեն Հին և Նոր Կտակարանի քաղուածքներ, մարգարէութիւններէն և Առաքելոց թուղթերէն ընթերցուածներ: Այնտեղ վաղուց մուտք գործած են սաղմոսներ, ինչպէս նաեւ՝ հեղինակային աղօթքներ և քարոզներ, որոնք Եկեղեցւոյ սուրբ Հայրերու կողմէ ընտրուած են այս կամ այն օրհնէքի առթիւ ընթերցուելու համար: Աստուածաշունչի Հին Կտակարանի գիրքերուն մէջ, բազմաթիւ ծէսեր և ծիսական արարողութիւններ նկարագրուած են ինչպէս՝ արքայական և քահանայական օծում և կենդանական զոհաբերում: Իսկ Նոր Կտակարանին մէջ, բազմաթիւ են Յիսուսի հրաշքները, ուր ան հիւանդներ կը բուժէր, մեղքերը կը ներէր և դեւեր կ'արձակէր: Այսպէս, ծիսարանի հին, սկզբնական տարբերակը ունի Եօթը սաղմոսք ապաշխարութեան:
Աւետարանք բժշկութեան, զորս չորս Աւետարանիչներէն յիշուած Յիսուսի հրաշագործութիւնները կը պատմեն և կը կարդացուին զանազան առիթներով, ինչպէս՝ վասն ծանր ախտից, աչացաւի, կոյրին և ամենայն ցաւոց: Իսկ ապաշխարութեան եօթը սաղմոսները, անկեղծ ապաշաւանք կ'արտայայտեն, սկսեալ Ծ. (50) սաղմոսէն (որք պաշտին յօծանելն սուրբ իւղով զհիւանդս, եւս և յայլ դէպս պիտոյից): Բժշկութեան Աւետարաններուն կողքին կը կարդացուին այլ Աւետարաններ եւս, ինչպէս Աւետարանք Կտակի, Յովհաննու Աւետարանէն (ԺԳ.16-ԺԸ.1): Աւետարանք խաչելութեան, չորս Աւետարանիչներէն քաղուած՝ Քրիստոսի չարչարանաց և խաչելութեան մասին: Ի վերջոյ, Մաշտոցին մէջ կը գտնենք նաեւ Հանգստեան սաղմոսներ և Հանգստեան Աւետարաններ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ