ҽ

Խաբ, Վարագայ խաչ Խաբ, Վարագայ խաչ 

Եկեղեցական գիտելիքներ. Վարագայ Խաչի Շաբաթ (29 Սեպտեմբերէն - 6 Հոկտեմբեր 2024)

Գ. կիրակի զկնի խաչի Հայ Տօնացոյցի համաձայն, Վարագայ Սուրբ Խաչի մասունքի գիւտին տօնն է. այս տօնը յատուկ է միայն հայկական Եկեղեցւոյ։
Ունկնդրէ լուրը

7-րդ դարուն` Վանայ լիճին մօտերը, Վարագ կոչուած լերան մը վրայ, ճգնաւոր մը, Թոդիկ անունով, տեսիլք մը կ՚ունենայ, ուր իրեն կ՚երեւի լուսաւոր սուրբ խաչ մը Վարագայ վանքին մէջ։ Յովէլ անունով իր աշակերտին հետ, կը գտնեն խաչափայտի մէկ մասունքը, որ ըստ աւանդութեան, Հայաստան բերուած էր Հռիփսիմեանց կոյսերուն հետ։ Այս դէպքին հաւանական թուականը կը նկատուի 660-ը։ Աւելի ուշ` Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոսը կը հաստատէ Վարագայ Խաչի այս տօնը` Խաչվերացի տօնակատարութեան 3-րդ կիրակին։

Նոյն օրուան սուրբ Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի մարգարէութիւնը աշխարհի վերջաւորութեան մասին։ Ինչպէս խաչը` նշանն է Քրիստոսի յաղթանակին չարի իշխանութեան վրայ, նոյնպէս ալ զանազան նշաններ պիտի գան յայտնելու վերջին դատաստանի գալուստը աշխարհի վրայ։

29 սեպտեմբերին ըստ լատին եկեղեցւոյ տօնն է Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերու: 

Երկուշաբթի օր` 30 սեպտեմբերին` տօնն է Դաւիթ Դվնեցիի, ինչպէս նաեւ Ղամբէոսի եւ Ղամբէուհիի։ Դաւիթ ծագումով պարսիկ էր եւ բուն անունն էր Սուրհան. մայրը հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալով` ան նախընտրաբար քրիստոնեայ շրջանակներ յաճախեց եւ Ներսէս Շինող կաթողիկոսը զինք մկրտեց։ 30 տարի ապրեցաւ Դուին քաղաքին մէջ. սակայն երբ Դուինը գրաւուեցաւ արաբներէն, իրմէ պահանջուեցաւ ետ իսլամանալ, դառնալով իր հօրը կրօնքին. Դաւիթ մերժեց եւ նահատակուեցաւ 701 թուին։

Ղամբէոս եւ իր քոյրը` Ղամբէուհի, նիկոմիդիացի էին եւ քրիստոնեայ։ Անոնք նահատակուեցան 291-ին, Մաքսիմոս դատաւորի ձեռամբ։

Երեքշաբթի՝ 1 հոկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Եւստաքէոսի եւ կնոջը` Սրբուհի Թէոպիստէի, ինչպէս նաեւ իրենց երկու զաւակներուն։ Տօնն է նաեւ երկու կոյսերու. Երմոնէ եւ Նեքտառինէ։

Եւստաքէոս հռովմայեցի զօրավար մըն էր որ օր մը, որսի միջոցին` հանդիպեցաւ եղջերուի մը, որ իր եղջիւրներուն մէջ կը կրէր լուսաւոր խաչ մը։ Ասոր վրայ իր կնոջ` Թէոպիստէի եւ իր երկու զաւակներուն` Ագապիոսի եւ Թէոպիստոսի հետ մկրտուեցաւ։ Ապա հալածանքներու ենթարկուելով` բոլոր ընտանիքին հետ նահատակուեցաւ Տրայանոս կայսեր օրով, Դ. դարուն սկիզբը։

Նեքտառինէ, կամ Կատարինէ, եգիպտացի կոյս մըն էր, ազնուական տոհմէ, որ իր ընկերուհիին` Երմոնէի հետ, նահատակուեցաւ Մաքսիմիանոս կայսեր օրով, Գ. դարու վերջերը, Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Այսօր Սինայի լերան վրայ, մեծ սրբավայր մը կայ, նուիրուած Սրբուհի Կատարինէի, որ տեղւոյն հնագոյն վանքերէն մին է, եւ կեդրոն է ուխտագնացութեան բոլոր աշխարհէն եկած ուխտաւորներէ։

Հինգշաբթի օրը՝ 3 Հոկտեմբերին` տօնն է երկու հայ իշխաններու` Սահակի եւ Համազասպի։ Ասոնք որդիներն էին Գագիկ Արծրունի զօրավարին։ Ապստամբելով արաբներու դէմ, դուրս քշեցին անոնց բանակը Հայաստանէն 775 թուին։ 10 տարի ետք արաբները դարձեալ արշաւելով Հայաստանի վրայ, երկու իշխանները բռնուեցան եւ Խազմ ոստիկանին կողմէ նահատակուեցան, 786 թուականին։

Շաբաթ 5 Հոկտեմբերին՝ տօնն է Քրիստոսի 72 աշակերտներուն։ Անոնք հետեւորդներն եղան առաքեալներուն, անոնց օգնելով Քրիստոսի պատգամի տարածման գործին մէջ։ 

Նաև կը յիշատակենք Սուրբ թարգմանիչներու՝ Մեսրոպ Վարդապետի,  Եղիշէի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Կլայեցիի և Ներսիս Լամբրոնացիի տօնը: 

Կիրակի  6 Հոկտեմբերը, Դ. կիրակին է զկնի Խաչի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2024, 08:31