«Երեւակայեցէք Խաղաղութիւնը` չի յանձնուելու համար պատերազմին», Փարիզի մէջ միջազգային հանդիպում
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
22-24 սեպտեմբեր 2024ին Փարիզի մէջ նախատեսուած է «Imaginer la Paix» միջազգային հանդիպումը, որ կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ, աշխարհին ապրած այս տագնապալից պահի ընթացքին ուր հակամարտութիւնները չեն խնայեր ոչ մէկը։ Ձեռնարկին որ պիտի տեւէ 22էն 24 սեպտեմբեր 2024ին կը համագործակցի նաեւ Փարիզի Արքեպիսկոպոսութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայէն ու աշխարհի այլ երկիներէն ժամանած «խաղաղութեան ժողովուրդի» մաս կազմող ու տարբեր սերունդներու պատկանող անդամները, նպատակ ունենալով միասին գործել լսելի դարձնելու խաղաղութեան կարօտը ունեցող իրենց ձայնը։
Այսօր` 20 սեպտեմբերին Փարիզի «Collège des Bernardins»ին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացուեցաւ Խաղաղութեան նուիրուած միջազգային հաւաքին յայտագիրը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Փարիզի առաջնորդ` Գերապայծառ Լորան Ուլրիք եւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ` Մարքօ Իմփալիացցոն։
Հաւաքին բացումը պիտի կատարուի 22 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը Փարիզի «Palais des Congrès» դահլիճին մէջ եւ քաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ նախատեսուած տարբեր կլոր սեղաններու ընթացքին քննարկումներ պիտի կատարուին ժամանակակից խնդրայարոյց հարցերու շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով խաղաղութեան ու զինաթափումի նիւթերուն, ինչպէս նաեւ բնապահպանութեան, գաղթականներու, ժողովրդավարութեան ու զօրակցութեան նիւթերուն։
Կարեւոր անձնաւորութիւններու շարքին յիշենք Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը, Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ինչպէս Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ եւ Քանթըրպուրրիի առաջնորդ` Ժասթին Ուելպին, ապա Հրեայ եւ Իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներ, Պուտտիսթ, Ինտու եւ ասիական ցամաքամասի կրօններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ տնտեսական ու մշակութային աշխարհի մասնագէտներ։ Նախատեսուած է նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներու ներկայութիւնը։
Հաւաքի եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոթր Տամ Եկեղեցւոյ տարածքին, ուր նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ պատգամը եւ պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներէն ժամանած անձերու վկայութիւնները ունկնդրելէ ետքը` միջազգային քաղաքականութեան բոլոր պատասխանատուներուն պիտի ուղղուի խաղաղութեան կոչ մը։
Խօսելով խաղաղութեան մասին, յայտնենք` որ այսօր, 20 սեպտեմբերին կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ասսիզի կատարած այցելութիւնը, 2016 թուականին. խաղաղութեան համար աղօթքի համաշխարհային Օրուան առիթով ի յիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ խթանած Խաղաղութեան ի սպաս միջ-կրօնական հանդիպումին որ տեղի ունեցած էր թուականին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ