«Վերափոխում եւ Խաղողօրհնէք» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Հին ժամանակներուն հաւատացեալներու կողմէն հաց ու գինի կը մատուցուէր եկեղեցւոյ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի համար: Միաժամանակ կը մատուցուէր նաեւ ցորեն, ձէթ, մեղր եւ խաղող: Ասոնց կողքին կ'ընծայուէր եւս կաթ, պանիր, ծաղիկներ եւ նոյնիսկ կենդանիները:
Այս հին սովորութեան առաջին եկեղեցական արձագանքը մեզի կու գայ առաքելական 3-րդ կանոնէն (Canon Apostolique 3), ուր կը գրուի՝ «Եթէ որեւէ եպիսկոպոս կամ երեց զոհասեղանի մօտ մատուէ որեւէ այլ բան, բացի այն, ինչ որ Տէրը սահմանեց զոհաբերութեան համար, ինչպէս մեղր, կամ կաթ, կամ ոգելից ըմպելիք՝ գինիի փոխարէն ... թող գահընկէց ըլլայ»: Հոս կը տեսնենք ընծաներ նուիրելու սովորութիւնը եւ նաեւ կը տեսնենք, ըստ այս օրէնքին, որ պատարագի համար այլ ընծաներու նուիրումը դադրեցաւ եւ մնացին միայն հացը եւ գինին:
Սոյն կանոնին համաձայն Ս. Հաղորդութեան ընծաներուն կողքին կը թուլասրտուէր միայն նոր կանաչ ցորենը եւ խաղողը. ի հարկէ այս պիտի ըլլար նշուած բերքերուն հասունացման ժամանակին համաձայն: Սակայն խաղողի ընծան պէտք չէր համարուէր, որպէս զոհաբերութիւն. այլ որպէս քաղցր պտուղին անդրանիկ ընծայումը՝ երախայրիքը։ Խաղողի այս տարեկան ընծան կը նկատուէր, որպէս առաջին պտուղներու օրհնութիւն եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն Աստուծոյ՝ « որ այս պտուղները տուաւ մեզի մեր կեանքերը պահելու եւ մեզ բժշկելու համար»:
Եկեղեցիներ իրենց աշխարհագրական վայրին համեմատ, տարբեր թուականներ նկատի ունին խաղողի հասունացման համար. եւ ըստ այնմ խաղողօրհնէքը կը կատարեն տարբեր թուականներուն: Ոմանք զայն կը կատարեն Պայծառակերպութեան տօնին: Ուրիշներ զայն կ'ուշացնեն մինչեւ Խաչի տօնը:
Հայ եկեղեցին իր աւանդութեան համայն, խաղողօրհնէքը կը կատարէ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով:
Ի՞նչ է սակայն հոգեւոր պատգամը խաղողօրհնէքի:
Առաջին հերթին Աստուծոյ ընծայել մեր բերքին երեխայրիքը կը խորհրդանշէ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Աստուծոյ, որ ամէն բարի պարգեւ կու տայ մեզի: Նաեւ մեր հունձքին երախայրիքը տալ կը նշանակէ, որ մեր ամէն ստացուածքը Տիրոջ կը պատկանի. եւ որպէս նշան այս իրականութեան մենք կը նուիրենք մեր երախայրիքը:
Ինչպէս նաեւ խաղողօրհնէքը կապը Վերափոխման տօնին հետ մեզ կը յիշեցնէ, որ Ս. Կոյսի «Այո»ն մեզի տուաւ «ճշմարիտ որթատունկը»՝ Յիսուս Քրիստոսը, որու արմատները երկինքն են եւ ճիւղերը երկրի վրայ: Մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ Ս. Կոյսին, որու հնազանդութիւնը Աստուծոյ հրաւէրին փրկութիւն բերաւ մարդկութեան:
Այս տօնին առիթով մենք մեր գոհաբանութիւնը կը յայտնենք Տիրամօր եւ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ զԻնք տուաւ մարդկութեան որպէս բարեխօս եւ ապաւէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ