ҽ

Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ 

Կարդինալ Փիցապալլա. «Կազայի համար համաձայնութիւնը մօտ է, սակայն կան դէմը արտայայտողներ»

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն յայտնեց իր յոյսը համաձայնութեան, որ կը հանգեցնէ Կազային մէջ հակամարտութեան այն փուլի աւարտին ինչպէս նաեւ կը վերացնէ պատերազմի սրման հեռանկարներ, բայց միաժամանակ կը զգուշացնէ հեշտ պատրանքներէն. Պակաս չեն խոչընդոտները եւ տակաւին շատ են դժուարութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Կազայի մէջ հակամարտութեան դադրեցման համար Տոհայի մէջ կատարուած բանակցութիւնները, Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիցապալլա, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ «Հեռանկարները խոստումնալից են։

«Կը հաւատամ որ այս պահուն կան համաձայնութեան հասնելու լաւագոյն պայմանները։ Բնականաբար միշտ կան դէմ արտայայտողները, խոչընդոտները պակաս չեն, սակայն կը հաւատամ որ հասունցած են պայմանները, որպէսզի պատերազմի այս փուլը վերջնականապէս աւարտի, հետեւաբար նաեւ կանխուին հակամարտութեան ընդլայնումն ու սրումը՝ Իրանի անմիջական միջամտութեամբ», ըսաւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը, դիտել տալով որ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած ու անիկա տեսանելի է Կազայի մէջ ռմբակոծումներուն շարունակումով, այն ողբերգութեամբ որ բոլորին աչքերուն տակն է եւ միշտ անխօս կը ձգէ։

Կարդինալ Փիցապալլա նշեց, որ Կազայի արեւմուտքը գտնուող իրենց փոքրիկ համայնքը կ՝ապրի լաւագոյն պայմաններուն մէջ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ ժողովուրդին օգնելու համար, ոչ միայն Մալթայի ասպետներուն սատարումներով այլ շատ մը ընկերակցութիւններուն։

Կարդինալ Փիցապալլա նկատել տուաւ նաեւ, որ իրավիճակը ոչ միայն Կազայի մէջ ծանր է այլեւ Այսրյորդանանին մէջ ուր կը շարունակաբար լարուածութիւններ, բախումներ կան պաղեստինցիներուն դէմ։

Լատինաց Պատրիարքը զրոյցը աւարտեց յայտնելով, որ պէտք է շատ աշխատանք տանիլ ոչ միայն քաղաքական այլեւ կրօնական մակարդակով, որովհետեւ այս բռնութեան արմատը նաեւ կրօնական է ու այնպէս մը կատարել, որպէսզի ծայրայեղականները մէկ կողմ դրուին եւ չ՝ունենան մինչեւ այսօր ունեցած ուժերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2024, 10:55