ҽ

2023.09.28 Immagini del Cardinal Pietro XV AGAGIANIAN

Կարդինալ Աղաճանեան եւ Կարեկցութեան Հոգին. Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Մտորումներս զիս կը տանին դէպի Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանը, որու յարկին ներքեւ անոր հետ հինգ տարի ապրած ըլլալով (1966-1971), անգնահատելի շնորհք եւ օրհնութիւն եղած է ժառանգաւորներուս համար:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեր առօրէական կեանքի ընթացքին, մեզի տրամադրուած ժամանակն ու չափանիշները, անտարակոյս, բաւարար չըլլան անդրադառնալու «Ծառայ Աստուծոյ» Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կարդինալի պարգեւընկալ տիպարին ու վերստին արծարծելու անոր մաքրակրօն յիշատակը:

Մտորումներս զիս կը տանին դէպի Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանը, որու յարկին ներքեւ անոր հետ հինգ տարի ապրած ըլլալով (1966-1971), անգնահատելի շնորհք եւ օրհնութիւն եղած է ժառանգաւորներուս համար:

Անոր ներկայութիւնը համակ նշողում մըն էր սրբութեան, բարութեան, հեզութեան, խոնարհութեան եւ հայրական գորովանքի:

Կարելի է բովանդակ էջեր լեցնել պատմելու եւ ստորագծելու համար այն հայրական կարեկցութիւնը, որ կը կազմէր ամբողջ մեծութիւնը անոր անձին:

Իմ ներաշխարհիս բազում օրինակներէն պիտի բաւարարուիմ լոկ հետեւեալ դրուագը մատնանշելով, որ մանրանկարի մը հանգոյն կը շարունակէ իմ քահանայական կեանքս լուսազարդել:

1969-ին, որոշեցի իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումներս կասեցնել ու վերադառնալ Հալէպ՝ իմ ծննդավայրս, սատար կանգնելու ընտանիքիս տնտեսական դժուարութիւններուն:

Եւ որոշումս հաղորդեցի Վարժարանիս Մեծաւոր Հօր՝ լուսահոգի Ներսէս Սեթեան Գերապայծառին:

Իրօք, ծնողներս ծրագրած էին Վենեզուէլա գաղթել՝ միանալու համար կրտսեր եղբօրս, որ արդէն հոն կը գտնուէր: Մինչ իրենց տունը վաճառելէ ետք՝ կը պատրաստուէին ճամբորդելու, յանկարծ փոքր եղբայրս ծանրապէս կը հիւանդանայ: Ճամբորդութիւնը կը մոռցուի եւ դարմանումի հրամայականները դիմագրաւելու համար հօրենական բոլոր ունեցուածքը կը սպառի. ընտանիքի մը համար, որ մինչեւ այն ատեն բարօր եւ անկարօտ կեանքի մը երախայրիքը կը վայելէր:

Մեծաւոր Գերապայծառէն որոշումիս լուրը իմանալէ ետք, Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը զիս իր յարկաբաժինը հրաւիրեց: Հայրաբար ունկնդրելէ ետք՝ զիս քաջալերեց, մխիթարեց եւ խնդրեց, որ որոշումս ետ առնեմ. քահանայական վսեմ կոչումս դրուատեց գերազանց խօսքերով ու յարեց. «Աղօթէ' ու վստահէ' Աստուծոյ Նախախնամութեան»:

Յաջորդ օրը, Սեթեան Գերապայծառէն իմացայ, որ Կարդինալ Աղաճանեան համապարփակ ներդրում մը կատարած է Հալէպի Հայ կաթողիկէ Առաջնորդին՝ ի նպաստ իմ ընտանիքիս:

Աստուծոյ նախախնամութիւնն էր, որ կը յայտնուէր Կարդինալ Աղաճանեանի միջնորդութեամբ. ու ես ամենայն անդորրութեամբ կարողացայ,

-Շարունակել իմ ուսումներս,

-Անոր ձեռքով ընկալել կիսասարկաւագութեան աստիճանը,

-Ու քալել մինչեւ խորանը իմ քահանայական ձեռնադրութեանս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2024, 08:12