«Տէր ողորմիր քու ժողովուրդիդ վրայ, ներէ այդքան վայրագութիւն». Սուրբ Մասսիմիլանօ Քոլպէի Ծիսական տօնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր 14 օգոստոսին Լատինաց մօտ Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի տօնն է եւ է նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ երկինք վերափոխման նախատօնակը, որուն առիթով չեղեալ կը համաւորի չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։
Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէ եղած է Ֆրանչիսկեան լեհ քահանայ մը եւ իր մահկանացուն կնքած է Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրին մէջ 1941 թուականի օգոստոսի 14-ին։
Լեհաստան ծնած աւազանի անունով Ռայմոնտօ, Լեոփոլի մէջ յաճախելէ ետք ֆրանչիսկեաններուն դպրոցը, 1910-ին, կ՛անդամակցի Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան ընդունելով Մասսիմիլիանօ անունը եւ նոյն տարուան 28 ապրիլին կ՛ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։
1939 թուականին, Նացիներու Լեհաստան ներխուժումէն ետք, Հայր Քոլպէ ու անոր եղբայրակիցները կը ձերբակալուին ու կ՛աքսորուին Աուշվից, ուր հրէաներու հետ միասին կ՛ ենթարկուին խոշտանգումներու եւ ծանր աշխատանքներու: Թէեւ կալանաւորուած` Հայր Քոլպէ Աուշվիցի մէջ եւս կը շարունակէ իր քահանայական առաքելութիւնը, քաջալերելով բանտարկեալները չվհատելու եւ կառչած մնալու իրենց հաւատքին:
Անոր կեանքի վերջին հանգրուանը եղաւ իսկական գողգոթայ՝ զոր ան կիսեց այլ բանտարկեալներու հետ Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրին մէջ։ Ան 14 օգոստոս 1941-ին նահատակուեցաւ իր կեանքը նուիրելով փոխան Ֆրանչիսչէք Կայոնիսչէք անունով ընտանիքի հօր, փրկելով անոր կեանքը։ Ան հոգին աւանդեց առ հայ արտասանելով «Ողջոյն քեզ Մարիամ» խօսքերը։
Հայր Մասսիմիլիանօ Քոլպէ Սուրբ հռչակուեցաւ 10 հոկտեմբեր 1982-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով։
Յայտնենք որ 2016-ի Յուլիս 29-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ Լեհաստան մեկնած էր ԵՀՕ առիթով, այցելութիւն տուաւ Աուշվիզի ճամբարին եւ այնտեղ լռելեան աղօթեց ճիշտ այն վայրին մէջ ուր Սուրբը զոհած էր իր կեանքը։
Այդ այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ստորագրելով համակեդրոնացման ճամբարին ոսկեմատեանը գրած էր «Տէր ողորմիր քու ժողովուրդիդ վրայ, ներէ այդքան վայրագութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ