ҽ

 Հայաստանի նորանշանակ Արքեպիսկոպոսին անդրանիկ Հայաստանի նորանշանակ Արքեպիսկոպոսին անդրանիկ  

Զմմառու վանքին մէջ Հայաստանի համար նորանշանակ առաջնորդին Սուրբ Պատարագը

Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ` Զմմառու Վանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց նորանշանակ առաջնորդ` Գերապայծառ Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեան։

Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ` Զմմառու Վանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց նորանշանակ առաջնորդ` Գերապայծառ Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեան։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներուն ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ` Համանուն կրթօճախի տեսուչի տեղապահ` Գեր.Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Տիկ. Սօսի Փիլաւճեանի։

Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Լիբանանի պետական, հոգեւոր, կրթական ընտրանու ներկայութեամբ` նորանշանակ Արքեպիսկոպոսը իր քարոզին որպէս բնաբան "Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր"ը ընտրելով` զուգահեռական մը կատարեց` Տիրամօր "Այո"ի եւ իր նոր առաքելութեան միջեւ, զոր կը թելադրէ ծանր պատասխանատուութիւն եւ պարտականութիւն եւ աւելցուց` սակայն յանուն հայրենիքի բարգաւաճմանն ու վերելքին` ինք պատրաստ է ամէն տեսակի զոհաբերութեան։

Նորանշանակ Առաջնորդը իր քարոզը եզրափակեց` հայցելով ներկաներէն` աղօթել իր նոր առաքելութեան արդիւնաւէտութեանը համար։ Հոգեպարար արարողութենէն ետք` նորանշանակ Առաջնորդը ներկաներուն շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները ընդունեցաւ` վանքի դահլիճին մէջ։

Աղբիւրը՝ Զմմառու վանքի դիմատետրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2024, 21:00