Զմմառու վանք. Հայրապետական սուրբ պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Հայ Եկեղեցին ունի հինգ մեծ տօներ, որոնք կը կոչուին Տաղաւար եւ կը կատարուին ամէն տարի հանդիսաւորապէս, իւրայատուկ կրօնական արարողութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով։ Անոնցմէ առաջին երեքը անմիջականօրէն կապ ունին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին հետ։ Առաջին՝ Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն։ Երկրորդ՝ Ս. Զատիկ՝ Յիշատակ Յարութեան։ Երրորդ՝ Պայծառակերպութիւն կամ Վարդավառ։
Չորրորդը նուիրուած է Աստուածածնին, ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զինք իր մօտ՝ երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս ամսուան 15-ի մօտիկ Կիրակին, մինչ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիները զայն կը տօնեն անփոփոխ կերպով նոյն թուականին՝ 15 Օգոստոսին։
Ճիշտ այս առիթով է որ յառաջիկայ Շաբաթ, 17 օգոստոս 2024 երեկոյեան ժամը 7-ին, Աստուածամօր Վերափոխման տօնի նախատօնակին, Զմմառու «Երանելի Ինգնատիոս Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ արաբերէն լեզուով Սուրբ Պատարագ եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որ ապա պիտի կրկնուի յաջորդ օրը` Կիրակի 18 օգոստոսին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին վերափոխման տօնին օրը, առաւօտեան 10,30-ին, այս անգամ Հայրապետական Սուրբ Պատարագով եւ խաղողօրհնէքի արարողութեամբ, զոր պիտի նախագահէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որուն առթիւ նախատեսուած է հաւատացեալներու աւանդական ուխտագնացութիւնը դէպի Զմմառու վանք, որուն մայր տաճարը նուիրուած է Սրբոյ Կուսին Երկինք Վերափոխման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ