#Փարիզ2024. Ֆրանսայի Եպիսկոպոսները դատապարտեցին «քրիստոնէութիւնը ծաղրող տեսարանները»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
26 Յուլիս 2024ին տեղի ունեցած Ողիմպիական Խաղերու բացման արարողութեան յաջորդ օրը Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը տարածեց մամլոյ հաղորդագրութիւն որուն մէջ ողջունելով «գեղեցկութեան, ուրախութեան, զգացմունքներով հարուստ հրաշալի պահերը» յատուկ անդրադարձ կատարեց քրիստոնէութիւնը ծաղրանքի առարկայ դարձնող այն տեսարաններու մասին, որոնք վիրաւորանք յառաջացուցին աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն։
Քննադատութեան խնդրոյ առարկան Լեոնարտօ տա Վինչիի «Վերջին ընթրիք»ի պատկերին վերարտադրութիւնն էր, որ ներկայացուեցաւ մօտ տասը այլանդակ կերպով ծպտուած տղամարդոց կողմէ։
«Մենք կը մտածենք բոլոր ցամաքամասերու բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք վիրաւորուեցան որոշ տեսարաններու աւելցուկով և սադրանքով» կը գրեն Ֆրանսացի եպիսկոպոսները, աւելցնելով «մենք կը ցանկանք, որ անոնք հասկանան, որ ողիմպիական տօնակատարութիւնը կը գերազանցէ մի քանի արուեստագէտներու գաղափարական կողմնակալութիւնը»:
Այս ուղղութեամբ Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի քարտուղարը մատնանշեց «դրսեւոտուած ներառութեան եւ որոշ հաւատացեալներու իսկական բացառութեան միջև հակասութեան» մասին, ընդգծելով, որ «անհրաժեշտ չէ խիղճեր խոցել՝ խթանելու համար եղբայրութիւն ու ընկերակցութիւնը», մինչ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի հաղորդակցութեան Խորհուրդի նախագահը, Գերապայծառ Ֆրանսուա Թրուվէ, պատահածը նկատեց «գայթակղեցուցիչ և լուրջ վիրաւորանք՝ ուղղուած ողջ աշխարհի քրիստոնեաներուն»։
Ֆրանսայի Եպիսկոպոսները մամուլի հաղորդագրութիւնը եզրափակեցին` յիշեցնելով, որ մարզանքը «հիանալի գործունէութիւն է, որ խորապէս կ՛ ուրախացնէ մարզիկներու և հանդիսատեսներու սրտերը», և թէ Ողիմպիական խաղերը «շարժում են` ի սպաս միասնութեան և մարդկային եղբայրութեան իրականութեան»:
«Արարողութենէն ետքը, այլ կրօնական դաւանանքներու բազմաթիւ առաջնորդներ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին Ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ» նշուած է վերոնշեալ մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ