Հիւսիսային Ամերիկայի «Նարեկի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ թեմին համագումարը
Հիւսիսային Ամերիկայիի «Նարեկի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ թեմը այս տարի եւս կատարեց իր տարեկան երիտասարդներու եւ հաւատացեալներու համագումարը՝ հրաւէրով ու նախագահութեամբ վիճակաւոր Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի։
Հաւաքը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ մայր եկեղեցիին հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ «Յոյսի ուխտաւորներ» բնաբանով՝ իբր պատրաստութիւն Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետէն 2025-ը հռչակուած «Ս. Տարի»-ին համար։
Ուրբաթ, 28 Յունիս 2024-ին, Գերպծ. Մուրատեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով երիտասարդական համագումարին ու հոգեւոր կրթութեան բացումը կատարեց։ Ապա, Ամերիկայի եւ Գանատայի ժողովրդապետութիւններէն ժամանած 50 երիտասարդներ մեկնեցան Գալիֆորնիայի Հեմեդ քաղաքը, ուր մասնակցեցան «Celebrity Ranch» ամառնային ճամբարի եռօրեայ հոգեւոր կրթութեան։
Հոգեւոր կրթութենէն ետք, Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կլենտէյլի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ մայր եկեղեցիին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայկ կիսասարկաւագ Շահինեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ՝ Գերպծ. Վիճակաւորին, խարտաւիլակութեամբ՝ թեմին նորընտիր օգնական եպիսկոպոս Գերպծ. Հ. Բարսեղ Եպս. Պաղտասարեանի, առընթերակայութեամբ՝ Պոսթոնի «Ս. Խաչ» եկեղեցիին ժողովրդապետ Գերպտ. Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեանի եւ Կլենտէյլի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ եկեղեցիին փոխ-ժողովրդապետ Գերպտ. Հ. Լեւոն Վրդ. Սթեփանեանի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ՝ Նիւ Ճրզիի «Սիրտ Յիսուսի» ժողովրդապետներուն Գերպտ. Հ. Անտոն Վրդ. Նորատունկեանի եւ Արժ. Տէր Ռիչարտ Քհնյ. Շաքըլլի։ Սրբազան արարողութենէն ետք, ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան դէպի եկեղեցիին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ջերմ շնորհաւորութիւնը, հիւրասիրութիւնը։
Յաջորդ օրը, առաւօտ, նոյն եկեղեցիին սրահին մէջ, համագումարը ընթացք առաւ Լոս Անճելըսի, Պոսթոնի, Ֆիլատելֆիայի, Նիւ Ճրզիի եւ Թորոնթոյի ծուխերէն ժամանած կղերին եւ շուրջ 100 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Երեկոյեան, ներկաները մասնակցեցան Լոս Անճելըսի «Թագուհի Մարտիրոսաց» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին կազմակերպած բացօթեայ ճաշկերոյթին՝ հրաւէրով ժողովրդապետ Գերյ. Հ. Արմենակ Ծ.Վ. Պետրոսեանի եւ հիւրասիրութեամբ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան։ Թեմական համագումարին ընկերային փակումը տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապով՝ Պիւրպանք քաղաքին «La Terrace» հիւրասրահին մէջ:
Եռօրեայ համագումարն ընդգրկեց օրական Ս. Պատարագը, հոգեւոր դասախօսութիւնները, խմբային զրոյցները, պտոյտները, եւ այլն։ Աւանդութեան համաձայն՝ փակումին աղօթքէն առաջ, Գերպծ. Հ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան յայտարարեց, որ 2025-ի տարեկան համագումարը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճրզի, «Սիրտ Յիսուսի» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ