ҽ

2022.06.22 Aiuto Chiesa che soffre

Կրօնական հալածանքներուն ձեւը փոխուած է ու դարձած աւելի նենգ. Մասսիմիլիանօ Թուպանի

1947ին հիմնադրուած Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական Հիմնարկի իտալիոյ մասնաճիւղի նոր տնօրէնը կը խօսի քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներու տարբեր ձեւերու մասին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական Հիմնարկի Իտալիոյ մասնաճիւղը ունեցաւ իր նոր  տնօրէնը յանձինս Տիար Մասսիմիլիանօ Թուպանիի, որ կը յաջորդէ Ալեսսանտրօ Մոնթետուրոյին, որ այդ պաշտօնը վարեց   2015էն մինչեւ Մայիս 2024։

1947ին հիմնադրուած այս հիմնարկը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ի տես իր գործունէութեան որ ուղղուած է թիկունք կանգնելու քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր անոնք ենթարկուած են հալածանքի, խոշտանգումի եւ կամ կարիքի մէջ են, ու կը պաշտպանէ բոլոր փոքրամասնութիւններուն կրօնական ազատութիւնը։ 

Բացի օրինական մակարդակով պայքարելու և հալածանքներու ենթարկուած քրիստոնէական համայնքներուն շօշափելի  աջակցութիւն մատուցելու եւ  վերակառուցման ծրագիրներ  ֆինանսաւորելու, Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը  պարբերաբար կը հրապարակէ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցը, որ 2023 թուականին տպագրեց իր 26րդ հրատարակութիւնը:

Ըստ զեկոյցին մէջ  պարունակուած վերջին տուեալներուն՝ կրօնական հիմքերու վրայ հիմնուած հալածանքներու կամ խտրականութեան ձևեր գրանցուած են աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներուն մէջ, և այդ Պետութիւններուն շատերուն մէջ 2022 թուականին իրավիճակը նախորդ տարուայ համեմատ վատթարացած էր։ Ընդհանուր առմամբ 325 միլիոն քրիստոնեայ հալածանքի  ենթարկուած են։

Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի Իտալիոյ Մասնաճիւղի նոր տնօրէն Տիար Մասսիմիլիանօ Թուպանի նշեց, թէ «քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներու ձեւը փոխուած է եւ մինչ մի քանի տարիներ առաջ ականատես եղանք այդպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ կատարած հալածանքներուն, որոնք ակնյայտ էին, այսօր հալածանքը աւելի նենգ է ու մենք պէտք է կարող ըլլանք զայն ի ցոյց տալու նուիրատուներուն, որոնք մեզի թիկունք կը կանգնին, որպէսզի կարողանանք ճիշտ կերպով միջամտել։

Թուպանին խօսեցաւ առ այդ տարբեր երկիրներու մէջ քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած հալածանքներու մասին անդրադառնալով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սահմանուած  «ճերմակ ձեռնոցով» հալածանքներուն, որոնք տեղի կ՛ունենայն Արեւմուտքի մէջ, ժողովրդավարական երկիներուն մէջ, ուր «բացարձակ յարաբերականութիւնը» կը սպառնայ ընկերութան մէջ կաթողիկէ գործունէութեան շարժականութեան առկայութեան։  «Մշակութային հալածանք, որ  չի ներկայանար բռնութեամբ, բայց շատ նենգ է և  կը թուլացնէ քրիստոնէական համայնքները» ըսաւ Թուպանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2024, 07:48