ҽ

Յոյս նշոյլ, արեւ, տեսարան, լոյս Յոյս նշոյլ, արեւ, տեսարան, լոյս 

«Յարութեամբ Քրիստոս մեզի միշտ յուսալու շնորհքը կու տայ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Մարդուս ընտրած կուռքերը, բացարձակ ինքնավարութիւնը, անձնասիրութիւնը, ագահութիւնը ... մերժումն են Աստուծոյ գերիշխանութեան: Ստեղծագործութեան նպատակն է փառաբանել Աստուած Իր յայտնած Սիրով, գործերով, մեծութեամբ եւ ամենակատարութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Մեղքը աղաւաղեց Աստուծոյ պատկերը մարդուն մէջ: Ան տեսաւ ,ծառին պտուղը համով է, հաճելի է՝ աչքերուն ու փափաքելի՝ իմաստութիւնը ստանալու: Ան վարժուեցաւ կենակցելու մեղքին հետ: Ան նախընտրեց խաւարը լոյսին: Մեղքը պատճառ դարձաւ մարդուն այլասերման եւ պատերազմներու ժողովուրդներու միջեւ:

Չարը չի գար Աստուծմէ՝ բացարձակ Բարիէն: Անոր գոյութեան պատճառը Բարիին բացակայութիւնն է, ինչպէս պաղին՝ գոյութիւնը՝ ջերմութեան բացակայութենէն: Ա. Այնըշդայն պատասխանեց իր դասախօսին, որուն համաձայն. Աստուած, որպէս Արարիչ, ամէն բանի պատճառն է, ուրեմն նաեւ չարին: Չարը կը պատահի երբ մարդիկ հեռանան Աստուծոյ Սէրէն: Ս. Օգոստինոս հաստատեց հետեւեալ աստուածախօսութիւնը. Աստուած բացարձակ Բարին է: Չարը կամ գէշը, Անոր բացակայութիւնն է: Աստուած պատասխանատու չէ եղբայրասպան պատերազմներուն, ոչ ալ աղէտներուն կամ ողբերգութիւններուն:
Չարին մասին եղած հարցումներուն պատասխանը պարզ է. չարին յաղթանակին պատճառը անգործութիւնն է կեղծ ,խոհեմներու, կեղծ ,բարիներու: Չարը հետեւանքն է մարդուն անհնազանդութեան Աստուծոյ կամքին: Ապականումը արդիւնքն է անոնց որոնք, վախէ տարուած, անձնասէրօրէն, տաղանդները կը թաղեն հողին մէջ: Մարդը, լսելով Սատանային խօսքը, մերժեց աստուածային օրէնքը: Այսպէս, մարդկութիւնը ինկաւ մեղքին, չարչարանքին, ստրկութեան եւ մահուան մէջ. ան որ մեղք կը գործէ, ստրուկ է (Յովհ. 8, 34) :

Մարդուս ընտրած կուռքերը, բացարձակ ինքնավարութիւնը, անձնասիրութիւնը, ագահութիւնը, յարաբերապաշտութիւնը... մերժումն են Աստուծոյ գերիշխանութեան :

Ստեղծագործութեան նպատակն է փառաբանել Աստուած Իր յայտնած Սիրով, գործերով, մեծութեամբ եւ ամենակարողութեամբ: Ան կ’ապահովէ Տիեզերքին կարգ կանոնը. Այսպէս կ'ըսէ Տէրը. Ան որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար, եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին... Անոր անունը Եհովա Սարաւովթ է: Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին, կ'ըսէ Տէրը, Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւս միշտ ազգ ըլլալէն պիտի դադրի (Երեմիա 31, 35-36) :

Աստուած մեզ ազատ ստեղծեց եւ առիթ տուաւ փաստելու մեր սէրն ու փարումը Իր կամքին, որ միայն մեր բարիքը կը փնտռէ: Աստուած մեզ ստեղծեց առանց հարցնելու մեր գաղափարը, սակայն չի փրկեր առանց մեր մասնակցութեան: Ան այնքան կը սիրէ որ մեր ազատութիւնը կը յարգէ: Ան երջանկութեան ճանապարհը ցոյց կու տայ, եւ մեզի միջոցները կը հայթայթէ անոր հասնելու համար: Ան մեզ կը թողու որ առանձին քալենք կեանքի Գողգոթային վրայ՝ ընկերանալով մեզի եւ յաճախ մեզ կրելով իր սրտին մէջ. Հոն ուր մեղքը բազմացաւ, շնորհքն, (Սէրն) ալ, առատացաւ (Հռ 5, 20): Ան տուաւ մեզի այս երկրաւոր կեանքը որպէս անցք մը՝ վաստակելու համար յաւիտենական կեանքը. ,Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ՝ ընդունի յաւիտենական կեանքը (Յով 3, 16) :

Յիսուս մարմնացաւ եւ դարձաւ Էմմանուէլ, Աստուած մեզի հետ: Մեր մեղքերուն համար մեռնելով Խաչին վրայ, Ան յարութիւն առաւ մեզ արդարացնելու համար: Իր մահով մեզ փրկեց եւ մեզի ապահովեց յաւիտենական կեանքը. Ան է Գլուխը մարմինին, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ: Ան սկիզբն է, Անդրանիկը մեռելներէն. եւ հարկ էր որ գլխաւորութիւն ընդունէր ամէն բանի մէջ, որովհետեւ Աստուած հաճեցաւ Անոր մէջ բնակեցնել ամէն կատարելութիւն, եւ Անով հաշտեցնել Իրեն հետ բոլոր արարածները ... խաղաղութիւն կնքելով անոր խաչին արիւնով (Կող.1 18-20) :
Յարութեամբ Քրիստոս մեզի միշտ յուսալու շնորհքը կու տայ: Մեղաւոր մարդս անգամ կրնայ Խաչեցեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսին սեւեռել: Ան կը հաւատայ, որովհետեւ ,հաւատքը կը փրկէ (Մատթ. 9, 22): Խոկումը Քրիստոսի Խաչին խորհուրդին մասին մեզի քաջութիւն կու տայ սրտերը բանալու անոր առջեւ որ նախ ինքը մեզ սիրեց եւ ուզեց ներկայ ըլլալ Խորհուրդներուն մէջ: Ան, յոյսով եւ հաւատքով, Սուրբ Հոգիին ներկայութեամբ, կը յաղթէ չարին: Պարուրուած Քրիստոսի ներող սիրով, Մարդը կրնայ գործել, կրել Աստուծոյ դրոշմը եւ ապրիլ ուրախ, հակառակ առօրեայի խաչերուն:

Յոյսի այս ուժականութիւնը մեզ կը շարժէ եւ կը յառաջացնէ առանց վհատելու: Յոյսը կը սնանի հաւատքով, որ կը կենդանանայ յոյսին մէջ, այն հաւաստութեամբ որ ամէն ճանապարհ կ'առաջնորդէ երկնաւոր Հօր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2024, 09:10