ҽ

2024.02.24 La Trasfigurazione

Տօն Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի` (Մատթէոս. 17, 1 -13) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Ամէն օր կանչուած ենք աշխատելու մենք մեր անձերուն վրայ, որպէսզի մենք ալ Քրիստոսի նման այլակերպուինք, եւ վերստին ստանանք այն նոյն ճերմակ պատմուճանը՝ զորս մեզի տրուեցաւ մեր մկրտութեան օրը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, հոգեգալստեան շրջանի եօթը շաբաթները անցնելէ ետք, պահը հասաւ նշելու եւ կամ տօնելու Պայծառակերպութեան եւ կամ Վարդավառի տօնը:

Եօթը շաբաթներ վայելելէ ետք Ս. Հոգիին անսահման շնորհքները եւ պարգեւները, այսօր մեզմէ խնդրուած է կերպարանափոխուիլ եւ կամ դառնալ ճերմակ նման՝ ձիւնի:

Առնենք բաժին մը մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն եւ տեսնենք թէ ինչ նամակ ունի մեզի փոխանցելիք.

«Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ: Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. Տէր, ինչ լաւ կ՛ըլլայ որ հոս մնանք. Եթէ կ՛ուզես երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար: Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. Ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՛ըսէր. Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէք: Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ. Ոտքի ելէք, մի վախնաք...» (Մտթ. 17, 1 – 7):

Այս Տաղաւար տօնին, մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ.

1. Մեր մէջ միշտ արթուն պահենք խոնարհ հոգին

2. Ունենանք հեզութիւնը՝ ընդունելու մեր խեղճութիւնը, եւ շտկելու՝ մեր սխալները

3. Մեր երկրպագութիւնը կատարենք միայն ու միայն մեր Երկնաւոր Աստուծոյն

4. Հաւատանք եւ վստահինք միայն ու միայն մեր Փրկչին եւ Անոր խոստումներուն

5. Որքան ալ որ անկումներ ունենանք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, կրկին ու կրկին չուշանանք ոտքի կանգնելու՝ եւ կրկին սկսելու մեր ճանապարհը՝ դէպի յաւիտենական կեանք

6. Չյոգնինք անդադար աղօթելէ եւ աշխատելէ՝ մեր հոգիին եւ ֆիզիկականին վրայ

7. Եւ ամէնակարեւորը՝ չվախնալ, այլ յանձնուիլ մեր Երկնաւոր Հօր եւ Անոր Սուրբ Կամքին

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան տօնին նամակը. ամէն օր կանչուած ենք աշխատելու մենք մեր անձերուն վրայ, որպէսզի մենք ալ Քրիստոսի նման այլակերպուինք, եւ վերստին ստանանք այն նոյն ճերմակ պատմուճանը՝ զորս մեզի տրուեցաւ մեր մկրտութեան օրը. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2024, 07:51