Ներկայացուեցաւ 2024-ի Ռիմինիի Միթինկը. «Ժողովրդավարութիւնը փխրուն է» կ՛ըսէ նախագահ Շոլց
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 20էն 25 Օգոստոսին, «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի նախաձեռնութեամբ , Իտալիոյ ծովեզերեան Ռիմինի քաղաքին մէջ կը կայանայ Ռիմինիի Միթինկը որ այս տարի կը բոլորէ իր 45րդ տարեդարձը եւ որ մօտ 120 հազար քառակուսի մեթր տարածքին վրայ պիտի հիւրընկալէ 140 գիտաժողովներ՝ որոնք ընթացքին ելոյթ պիտի ունենանք մօտաւորապէս 450 իտալացի և միջազգային բանախօսներ։
2024 տարուայ Միթինկին բնաբանն է. «Եթէ էականը չենք փնտռէր, ուրեմն ի՞նչ կը փնտռենք», որուն ծիրէն ներս կազմակերպուած են կլոր սեղաններ, ցուցահանդէսներ, մշակութային եւ մարզական ձեռնարկներ։
Միթինկի ներկայացումին առիթով` Երկուշաբթի 15 Յուլիսին, «Meeting» Հիմնարկի նախագահ Պերնարտ Շոլց մեկնաբանելով Տոնալտ Թրամփի դէմ կատարուած մահափորձը նշեց, որ այս մէկը, միացած այլ երեւոյթներու «ողբերգական կերպով դիւրաբեկ դարձուց աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը» ու թէ «ատելութեան, անարգանքի և դաւադրութեան տեսութիւններուն ու ծայրայեղ բևեռացումներուն հիմնական հակակթիւնն են հանդիպումը, երկխօսութիւնը և քննարկումը»:
Միթինկի բացումը պիտի կատարուի Երեքշաբթի 20 Օգոստոսի ժամը 12ին Երուսաղէմի Լատիններուն Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլայի «Խաղաղութեան ի սպաս ներկայութիւն» վերտառութիւնը կրող զեկոյցով։
«Meeting» Հիմնարկի նախագահ Շոլցին համար այս տարուայ հաւաքին նպատակն է «անգամ մը եւս իրականացնել Միթինկ մը, որ կը կենտրոնանայ այս պատմական պահի մեծ մարտահրաւէրներուն վրայ՝ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ՝ փորձառութիւններու և գիտելիքներու փոխանակման միջոցաւ եւ այս մէկը միտուած «զաւակներու դաստիարակութեան ու հասարակաց բարիքի ի նպաստ յանձնառումին»։
«Միթինկին մենք պիտի ներկայացնենք հաշտութեան ծիլեր, որոնք կը ծնին պատերազմներու մէջ, հանդիպումներ` որոնք դարձած են խաղաղութեան վայրեր» ըսաւ ի միջի այլոց Հիմնարկին նախագահը։
Ռիմինիի 2024ի Միթինկի Ներկայացման առիթով ելոյթ ունեցան նաեւ Իտալիոյ Արտգործ նախարար` Տիար Անթոնիօ Թայանի եւ Իտալիոյ բարձրագոյն դատական խորհուրդի փոխ նախագահ Տիար Ֆապիօ Փինելլի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ