ҽ

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (13)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ե. դարու Մաշտոցին իւրայատկութեան:

ԺԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ե. դարու Մաշտոցին իւրայատկութեան:

 

Մխիթարեան մատենագիր Հայրերէն՝ Հ․ Գարեգին Վրդ․ Զարբհանալեանի համաձայն, Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցը Ե. դարու յուշարձան է և զայն երկրորդ կարգին կը զետեղէ Աստուածաշունչէն ետք: Հ. Գ. Զարբհանալեան համոզուած է, որ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը «եղաւ ազգային եկեղեցական ծիսարանը կարգի դնողը, այլ և այլ աղօթքներու թարգմանութեամբ կամ ինքնագիր յօրինմամբ, որ և իր մականուամբ՝ Մաշտոց կոչուած է»:

Արդարեւ, եկեղեցական կեանքի կարգաւորման համար, ծիսարանի գոյութիւնը այնքան անհրաժեշտ էր, որ այդ օրերուն սուրբ Սահակ Հայրապետը և իր աշակերտները Աստուածաշունչի կոթողական թարգմանութեան առընթեր՝ փութացին արարողական տարբեր մատեաններ թարգմանել, ներառելով իր մէջ թէ՛ թարգմանական յունարէն և ասորերէն բնագիրներէն և թէ՛ հայերէնով գրուած բնագրեր, պատրաստելով գլխաւոր խորհրդակատարութեանց կանոնները, ինչպէս են՝ մկրտութիւնն ու դրոշմը, նշանն ու պսակը, ձեռնադրութիւններն ու թաղումները, իրենց յատուկ աղօթքներով, ընթերցուածներով և շարականներով:

Ըստ Զարբհանալեանի. «Այս պատմական եղելութենէն մեկնելով՝ սուրբ Գրոց թարգմանութենէն ետք, եկեղեցական բարեկարգութիւն և հասարակաց հոգեւոր պաշտամանց անհրաժեշտ հարկ և կարգաւորութիւն պէտք էր որ գրաւէր սրբոց Թարգմանչաց աստուածասէր և աստուածախոհ միտքն ու սիրտը, և նպատակ ըլլար իրենց նախապատիւ փութաջան վաստակոց առ այն»: Այսօր, Ե. դարու սպառած ձեռագիր Մաշտոցներէն, Թ-Ժ. դարերուն ընդօրինակուած երկաթագիր հազուագիւտ Մաշտոցները (Վենետիկ) ուրիշ դիտելի կէտ մը ցոյց կու տան թէ՝ բուն Մաշտոցին պարզ ու համառօտ կանոնները հետագայ դարերուն ամբողջովին փոփոխութեան ենթարկուած են:

Ե. դարու Մաշտոցը յատկանշուած է իր համառօտ և պարզ բնագրով, ուր չկային խճողումներ և արարողութիւնը կ'ընթանար վսեմ կերպով: Արդարեւ, Թ. դարուն եւ անկէ առաջ կազմուած բազմաթիւ հին ձեռագիր Մաշտոցներ պահուած են ամբողջ տասը դարեր, մինչեւ ԺԹ. դար, իրենց անաղարտ ու հարազատ ձեւով, առանց որեւէ յաւելումի՝ հակառակ որ միջանկեալ դարերուն կազմուած են յաւելումներ ու երեւան ելած են Մաշտոցի նոր խմբագրութիւններ, նոր արարողութիւններով ճոխացած ու ծանրաբեռնուած: Այս առումով, յստակ կը տեսնուի թէ՝ Մկրտութեան արարողութեան սկիզբը դրուած հարց ու պատասխան հետեւեալ հատուածը. «Քահանայն խնդրեալ առնու զանուն երախային, եւ հարցանէ յանուանէ ասելով. զսա (Այս անուն) զի՞նչ խնդրես յեկեղեցւոյն Աստուծոյ: Պատասխանէ կնքահայրն. Զհաւատ:

Քահանայն. Հաւատն զի՞նչ շնորհէ քեզ: Կնքահայրն. Զկեանս յաւիտենականս: Քահանայն. Արդ՝ եթէ կամիս ի կեանս մտանել, պահեա զպատուիրանս. Սիրեսցես զՏէր Աստուած քո յամենայն սրտէ քումմէ, եւ յամենայն անձնէ քումմէ, եւ յամենայն մտաց քոց, եւ զընկեր քո իբրեւ զանձն քո», Մաշտոց հրատարակողները իրենք իրենցմէ հիւսած են այս հատուածը ամբողջութեամբ եւ ներմուծած արարողութենէն ներս, որովհետեւ ոչ մէկ հին Մաշտոցի մէջ կը հանդիպինք նման արարողութեան: Հետեւաբար, Հայ եկեղեցւոյ զոյգ համայնքներու գործածած տպագիր Մաշտոցները չեն հետեւիր ոչ մէկ հին ձեռագիր Մաշտոցի, այլ արդիւնք են հրատարակիչներու, որոնք օգտուելով զանազան ձեռագիրներէ, մանաւանդ ԺԸ. դարուն երեւան ելած նորաձեւութիւններով ճոխ Մաշտոցներէ, չափազանց խճողած են արարողութիւնները, որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2024, 08:00