ҽ

Քենիայի ոստիկանութիւնը ժամանած է Հայիթի՝ խաղաղապահ առաքելութեան ծիրէն ներս Քենիայի ոստիկանութիւնը ժամանած է Հայիթի՝ խաղաղապահ առաքելութեան ծիրէն ներս  (Ricardo Arduengo)

Հայիթի․ աւազակային խումբի կողմէ առեւանգուած Քահանան ազատ արձակուեցաւ։

Հայր Էմանուել Սենթելիան ազատ արձակուեցաւ։ Անոր առեւանգած աւազակային խումբը անցեալ կիրակի օրը յարձակած էր Կրեսիէի քաղաքապետարանի վրայ՝ սպաննելով քսան անձեր: Արքեպիսկոպոսարանը խնդրած է իշխանութիւններուն վերջ դնել բռնութեանը եւ վերականգնել կեանքի իրաւունքը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հայր Էմանուել Սենթելիան ազատ արձակուեցաւ։ Լուրը հաստատած է Փորթ-օ-Փրէնսի Արքեպիսկոպոսարանը։ Ըստ լրատուական աղբիւրներու փրկագին չէ վճարուած։

Քահանային առեւանգած «Vivre Ensemble» անունը կրող զինուած աւազակախումբը՝ նախկին ոստիկան Ճիմի Շերիզիէի գլխաւորութեամբ, անցեալ կիրակի օրը՝ 30 Յունիսին յարձակած էր մայրաքաղաք Փորթ-օ-Փրէնսի շրջաններէն մէկու՝ Կրեսիէի ոստիկանական ենթակայանի վրայ՝ սպաննելով քսան անձեր, այրելով տուներ եւ խուճապի մատնելով համայնքի բնակչութեանը՝ եւ այդ ամէնը Քենիայի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեամբ։ Ներկայիս ոստիկանութիւնը վերականգնած է կայանի վերահսկողութիւնը։

Քահանայի ազատ արձակումին լուրը հաստատած է Փորթ-օ-Փրէնսի Արքեպիսկոպոսարանը, որ մինչ այդ՝ 1 Յուլիսին յայտարարութիւն տարածած էր՝ իր վրդովմունքը եւ ցաւը արտայայտելով «չարիքի պարոյրի մէջ բանտարկուած» ազգաբնակչութեան համար։ Գրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Փորթ-օ-Փրէնսի որոշ շրջաններ դեռեւս դուրս կը գտնուին պետական ուժերու վերահսկողութենէ։ Ըստ այդմ՝ պետական ​​իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի «Երկրի մէջ բռնութեան իրավիճակին վերջ դնելու եւ կեանքի իրաւունքը վերականգնող գործողութիւններ ձեռնարկելու հրատապութեան» վրայ:

Յայտնենք թէ տարեսկզբին եւս, Հայիթիի մայրաքաղաք Փորթ-օ-Փրէնսի մէջ աւազակային խմբաւորումները համակարգուած կերպով եւ ծանր զինատեսակներով կատաղի յարձակումներ իրականացուցած են տարբեր կառավարական շէնքերու վրայ՝ անոնց շարքին Նախագահական պալատը եւ Ներքին գործերու նախարարութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2024, 11:39