Քեսապի ուխտի օր Սուրբ Պատարագ ձեռամբ Հայր Նարեկ Լուիսեանի
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Կիրակի` 7 Յուլիս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5։00-ին, Քեսապի ` Գարատուրանի «Կեղեցիկ» ուխտավայրին մէջ, Այլակերպութեան` «Վարդավառի» տօնին առթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց տեղւոյն ժողովրդապետ` Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնէք։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Հայր Նարեկը նշեց
«Դարեր շարունակ Քեսապի ուխտի օրը Քեսապցիներուն համար եղած էր «Վարդավառի» օրը։ Ամբողջ Քեսապը իր տասներկու գիւղերով ուխտաւոր էր, ժողովուրդը խումբերով կը բարձրանար «Կասիոս» լեռը, ուր կը գտնուի «Պալլումի» ուխտատեղին։
Նախատօնակի գիշերը կը սկսէր ժողովրդական ուրախութիւն-խրախճանքը։
Շուրջպարի կը մտնէին պարման-պարմանուհիները ծեր ու երիտասարդ հարսներ, աղջիկ ու տղայ ու բոլոր ուխտաւորները անխտիր։ Երգի֊երաժշտութեան, դհոլ֊զուռնայի ձայնը, «Ճեպել Աքրայէն»` «Կասիոսէն» կը հասնէր «Մուսա Լեռ» եւ մինչեւ «Քաղոք», Անտիոք, եւ հարաւէն` Լաթաքիա։Կիրակի առաւօտեան Քեսապահայութիւնը երկիւղածութեամբ կը մասնակցէր Այլակերպութեան տօնի Սուրբ Պատարագին «Պալլումի» հաւատքով ու տեղի կ՛ունենար մատաղօրհնէք։
Աւանդաբար կը պատմուի, որ սոյն վայրին մէջ նախապէս գոյութիւն ունեցած է հեթանոսական ատրուչան եւ Մեծն Տիգրան իր հերթական արշաւանքներու ժամանակ, ելած է «Կասիոս» լերան բարձունքը եւ հոն մատաղ կատարած է, որ իր արշաւանքները յաջողութեամբ պսակուին։ 1939էն ասդին, Քեսապի` «Կասիոս» լեռը գերի է թուրքերուն։ Շնորհիւ Երջանկայիշատակ` Կարդինալ Գրիգոր֊Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս֊Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին ջանքերուն` 1939֊ին, Կիլիկիոյ հայկական Քեսապ աւանը ընդգրկուեցաւ Սուրիոյ սահմաններու մէջ։ Կարդինալին ունեցած ներդրումին որպէս գնահատանք, 1955֊ի Հոկտեմբերին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ` վսեմաշուք Շուքրի Քուէթլի զինք պարգեւատրեց Սուրիոյ ամենամեծ պատուոյ շքանշանով։
Այսօր 85֊տարիներ ետք Քեսապահայերս զայրոյթով կը դիտենք մեր բռնագրաւուած «Կասիոս» լերան «Պալլում» ուխտատեղին ու կ'ուխտենք կառչած մնալ մեր հաւատքին, պապենական հողերուն եւ աւանդութիւններուն»։
Քաղուած Հայր Նարեկ Լուիսեանի դիմատետրէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ