Թիմօր Էսթ. Հազարաւոր Ինտոնեզիացիներ կը պատրաստուին Պապին հետ հանդիպելու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2էն 13 սեպտեմբերին, սկիզբ կ՝առնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմօր Լէսթ եւ Սինկափոր։ Տուեալներուն համաձայն, Քուփանկ եւ Աթամպուս թեմերէն շուրջ 10 հազար հաւատացեալներ կղզիէ կղզի պիտի փոխադրուին մասնակցելու համար Տիլի քաղաքին Թեսիոլու մարզադաշտին մէջ Քահանայապետին պատարագին։ Լուրը հաղորդեց, Քուփանկ թեմի արք գերպ. Հիրոնիմուս Փաքաէնոնի տեղեկացնելով նաեւ, որ Քուփանկ թեմի հաւատացեալները պիտի չ՝երթան Իտնոնեզիոյ Ժաքարթա մայրաքաղաք, ուր Պապը պիտի մնայ 3էն 6 սեպտեմբերին, այլ պիտի սպասեն սահմանին վրայ։ «Աւելի դիւրին է Թիմոր Էսթ հասնիլ գրեթէ 10 ժամ փոխադրակառքով, քան թէ կազմակերպել թանկարժէք ճամբորդութիւնը դէպի Ինտոնեզիոյ մեծ քաղաքը», ըսաւ Արքեպիսկոպոսը։
Շատ աշխուժ Արքեպիսկոպոսարան
Քուփանկի արքեպիսկոպոսարանը կ՝ընգրկէ Թիմորի կեդրոնական արեւմտեան մասը եւ Ռոզի, Սավու, Սէմօ ու Ալոր կղզիները, կը բնակին աւելի քան մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար մարդ որոնք մեծ թիւով քրիստոնեաներ են 60 տոկոսը Բողոքական, շուրջ 35 առ հարիւր կաթողիկէներ եւ 4 հարիւրը մահմետականները։ Քուփանկ թեմի մէջ եկեղեցական կեանք ու Հաւատքը կենսունակ է, այդ կը տեսնենք երիտասարդներուն մէջ, կը տեսնենք քահանայական կոչումներուն մէջ, որ Քրիստոսը կը շարունակէ մեզի շնորհել. Փոքրիկ նորընծայարանին մէջ կան շուրջ 100 պատանիներ եւ մեծ դպրեվանքի մէջ 90 հոգի»։
Եկեղեցին եւ իշխանութիւնը աշխուժ կերպով կը համագործակցին Պապի ճամբորդութեան համար։
Ի տես Նորին Սրբութեան այցելութեան, գերպ Փաքէնոնի տեղեկացուց, որ եկեղեցին եւ պետական իշխանութիւնը կը համագործակցին օգնելու համար կաթողիկէները մասնակցելու Տիլիի մէջ Պապին այցելութեան, տեղեկացնելով որ շատ մը հաւատացեալներ անձնագիրեր չ՝ունին ու անոնց համար կը պատրաստուին յատուկ թոյլտուութիւն միայն ուխտագնացութեան համար։
Տիլիի պատարագը շատ նշանակելից է
Դէպի Թիմոր Էսթ Պապի առաքելական ճամբորդութենէն ամենէն կարեւոր պահերէն մէկն է 10 սեպտեմբերին, Տիլի մայրաքաղաքին արուարձանը գտնուող Թեսիթոլու մարզադաշտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին սուրբ Պատարագը, ուր նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը պատարագեց, 1987ին այցելութեան ժամանակ, երբ Թիմոր Էսթ կը գտնուէր Ինոտնոեզիոյ տիրապետութեան տակ։
«Պապին ներկայութիւնը կարող է մերձեցում եւ հաշտութիւնը կնքել, ըսաւ Գերապայածառ Փաքէնոնի աւելցնելով որ Պապին այցելութիւնը ոչ թէ միայն Կաթողիկէներուն համար է այլեւ ողջ ժողովուրդին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ