ҽ

Երուածեմի Սուրբ Ընտանիք դպրոցէն առնուած լուսանկար Երուածեմի Սուրբ Ընտանիք դպրոցէն առնուած լուսանկար  (ANSA)

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքարանը խստօրէն կը դատապարտէ «Սուրբ Ընտանիք»ի դպրոցի դէմ իրականացուած օդային յարձակումները։

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը, «Սուրբ Ընտանիք»ի դէմ իրականացուած յարձակումներու վերաբերեալ։ Պատրիարքարանը խստօրէն կը դատապարտէ յարձակումները եւ յոյս կը յայտնէ որ կողմները անմիջապէս համաձայնութեան հասնին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանը, երկուշաբթի 8 յուլիսին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ պատրիարքարանը անհանգստութեամբ կը հետեւի Սուրբ Ընտանիքի դէմ իրականացուած յարձակումներուն հաղորդումներուն ու խստօրէն կը դատապարտէ այդ յարձակումները նկատել տալով, որ այդ դպրոցի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ապաստան գտած են խաղաղ բազմաթիւ բնակիչներ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, «Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանը խիստ անհանգստութեամբ կը հետեւի իսրայէլեան բանակի կողմէն Կազայի Սուրբ Ընտանիքի դպրոցի դէմ այսօր առաւօտեան իրականացած յարձակումներուն մասին հաղորդումներուն։ Լրատուամիջոցներուն հաղորդումները կը ներառնեն քաղաքացիական անձերու զոհերուն եւ համալիրի աւերածութիւններու տեսարաններ։

Սուրբ Ընտանիքի դպրոցը Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան պատկանելով հանդերձ պատերազմի սկիզբէն ի վեր եղած է խաղաղ բնակիչներու ապաստան։ Դպրոցին մէջ ոչ մէկ կրօնական անձնակազմ կը բնակի։

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքարանը խստօրէն կը դատապարտէ խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակումները կամ ալ որեւէ ազատատենչ գործողութիւն, որ չերախտաւորեր խաղաղ բնակիչները՝ մնալու մարտական գործողութիւններէն դուրս։

«Կը շարունակենք աղօթել Տիրոջ ողորմութեան համար եւ յոյսով ենք որ կողմերը համաձայնութեան կը հասնին, որ անմիջապէս վերջ կը դնէ տարածաշրջանին մէջ սարսափելի արիւնահոսութիւնը եւ մարդասիրական աղէտները» նշուած է Երուսածեմի Լատինաց Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2024, 09:50