«Եղէք միսիոնարներ` ուր ալ որ գտնուիք». Սիտրաք Պատրիարքը երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յուլիսին սկիզբը Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ 11 ժողովրդապետութիւններու պատկան աւելի քան հարիւր երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Միսիոներական Օրուան», որուն առիթով ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց Եգիպտոսի Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իպրահիմ Իսահակ Սիտրաքը խրախուսելով զանոնք դառնալու միսիոնարներ` արարքներով և գործողութիւններով բոլոր հանգամանքներուն մէջ. «Իւրաքանչիւրս կոչուած է Քրիստոսին սէրը ցոլացնելու բոլորին, եւ մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ ու մեր արարքներուն մէջ կարող են հաղորդել այս պատգամը, եւ Քրիստոսը տեսնել մեր շուրջ գտնուող անձերուն մէջ» ըսաւ Պատրիարքը հաստատելով. «Արդարեւ պարզ արարքներով է որ շօշափելի կերպով կը փոխանցուի քրիստոնէական պատգամը»։
Երիտասարդներուն նուիրուած Միսիոներական այս Օրը կը նախատեսէր ի միջի այլոց սուրբ պատարագ ապա Սուրբ Մանկութեան Քահանայապետական գործունէութեան ու առաքելութեան ներկայացումը, հուսկ Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած քրիստոնէական խորհրդածութիւն, որոնց կողքին կային նաեւ խաղային գործունութիւն, որոնց միջոցաւ կազմակերպիչները ուզեցին փոխանցել Օրուան նպատակը, որ է՝ բարձրացնել իրազեկութիւնը առաքելութեան և անոր հետ կապուած թեմաներու մասին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ