Հոգին աւանդեց առ Հայր Աստուած Գերյ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Ադամեան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կիրակի` 30 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ֆրանսայի մէկ հիւանդանոցին մէջ Հոգին աւանդեց առ Հայր` Գերյ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Ադամեան։
Ան ծնած էր Գամիշլի 26 Յունիս 1948ին։ Փոքր տարիքին մուտք գործած էր Զմմառու կղերանոց, որտեղէն ուղարկուած էր Հռոմ, Լեւոնեան Ք. Վարժարան, 19 սեպտեմբեր 1967ին։
Եկեղեցական ուսումները աւարտելէ ետքր վերադարձած էր իր ծննդավայրը, ուր քահանայ ձեռնադրուած էր 16 սեպտեմբեր 1973ին, ձեռամբ այդ ժամանակուայ տեղւոյն վիճակաւոր` Արհի. Գրիգոր Եպիսկոպոս Այվազեանի։
Գերյ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Ադամեանի մահուան ի լուր Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժանմունքը կապ պահեց Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի հետ, որ մեզի փոխանցեց հետեւեալ վկայութիւնը.
ԳՈՅԺ ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԴԱՄԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԽՈՒՐ ԱՌԻԹՈՎ
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Ադամեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ֆրանսայի Գարգասոն քաղաքին մէջ, Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին։
Կենսագրութիւն
Հ. Անդրանիկ Վրդ. Ադամեան ծնած է Գամիշլի, Սուրիա, 25 Յունիս 1948-ին։
1959-ին, ան կ’ընդունուի Զմմառու «Ս. Միքայէլ» նորընծայարանը, ուր կը շարունակէ իր նախնական ուսումը:
1967-ին, զինք կ'ուղարկեն Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան եւ կը յաճախէ Յիսուսեան Հայրերուն Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանը, ուր կը հետեւի իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումներուն:
1973-ին, կը մասնագիտանայ եկեղեցական կանոնագիտութիւն Արեւելեան գիտութիւններուն կաճառին մէջ:
16 Սեպտեմբեր 1973-ին, Գամիշլիի մէջ, ձեռամբ Արհի. Տէր Գրիգոր Եպս. Այվազեանին, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի ու կը նշանակուի Պուրճ Համուտի «Մեսրոպեան Վարժարան»ի փոխ-տնօրէն եւ «Սուրբ Փրկիչ» ժողովրդապետութեան «Բարեսիրական Միութեան» ու «Սուրբ Մեսրոպ» սկաուտակախումբին հոգեւոր վարիչ։
Ապա հետեւեալ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ կ'անուանուի՝
• 1976-ին, Տէյր-Զօրի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիին ժողովրդապետ,
• 1978-ին, Հասաքէի «Ս. Ընտանիք» եկեղեցիին ժողովրդապետ,
• 1980-ին, Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցիին փոխ ժողովրդապետ,
• 1982-ին, Գահիրէի «Ս. Աւետում» եկեղեցիին ժողովրդապետ,
• 1986-ին, Դամասկոսի «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցիին ժողովրդապետ,
• եւ 1988-ին կրկին Գահիրէի «Ս. Աւետում» եկեղեցիին ժողովրդապետ:
1992-ին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքին վարչական կ’ընտրուի, իբրեւ ներքին մատակարար։
1999-էն մինչեւ 2024, Լատին Ամերիկայ, Ա.Մ.Ն., ապա Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ ան մեծ սիրով ու համեստութեամբ ծառայած է Ս. Եկեղեցիին ու Ազգին:
Յիշտակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի՛:
Մօտ ապագային, Ձեզ կը տեղեկացնենք յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգին թուականն ու վայրը։
Խո՛ւնկ եւ աղօ՛թք հոգելոյս վարդապետին անմահ յիշատակին։
Աղբիւրը` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ