Երկխօսութիւն եւ եղբայրութիւն․ Սկսած են Ռիյեքայի Միջերկրական Տարածաշրջանի Աստուածաբանական Հանդիպումները
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Խրուաթիոյ Լովրան քաղաքի Տոմուս Լաուրանա Հովուական Տունի մէջ, Սկսեալ 14 Յուլիսէն մինչեւ 20 Յուլիս՝ տեղի պիտի ունենայ «Քրիստոնէութիւնը եւ իսլամը. եղբայրութեան ծառայութիւնը բաժնուած աշխարհի մէջ» բնաբանով Ռիյեքայի՝ Միջերկրական Տարածաշրջանի Աստուածաբանական Հանդիպումներուն շարքը՝ մասնակցութեամբ աստուածաբանութեան 38 ուսանողներու եւ հինգ դասախօսներու, որոնց շարքին առաջին անգամ մահմետական ինը ուսանողներ եւ մէկ աստուածաբան դասախօս, Գերմանիոյ մէջ իմամ՝ Պենճամին Իտրիզը։
Միւս չորս աստուածաբան դասախօսներն են՝
- Խորուաթ աստուածաբան Թոմիսլաւ Քովաչը, Զակրեպի Կաթողիկէ աստուածաբանութեան մասնաճիւղի հիմնարար աստուածաբանութեան բաժնի տնօրէն,
- Յոյն Անկելիքի Զիաքան, կրօնագիտութեան փրոֆեսոր եւ Սալոնիքի Արիստոտել Համալսարանի Ուղղափառ Աստուածաբանութեան Կաճառի իսլամական հետազօտութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար,
- Բողոքական Ուլրիխ Շմիտելը, Շուետական Լունտ համալսարանի ընդհանրական քրիստոնէութեան փրոֆեսոր,
- Զիլքա Սփահիչ-Շիլյաքը, Gender Resource Center (UNIGeRC) Համալսարանի ակադեմիական տնօրէնուհի։
Աւելցնենք նաեւ, որ ուսանողներէն տասնհինգը ուղղափառներ են, ութը՝ կաթողիկէներ եւ վեցը՝ բողոքականներ, գլխաւորապէս Խրուաթիայէն, Սերպիայէն, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայէն, ինչպէս նաեւ Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն եւ Գերմանիայէն:
Հանդիպումներուն բացումը
Միջերկրական Տարածաշրջանի Աստուածաբանական Հանդիպումներուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 14 Յուլիսի երեկոյեան, իսկ այսօր՝ 15 Յուլիսին, կը սկսին ժողովներուն բուն աշխատանքները՝ Ռիյեքա-Ֆիումէի (Rijeka-Fiume) Արքեպիսկոպոս եւ միջոցառումի գլխաւոր նախաձեռնող Մաթէ Ուզինիչին ներածական զեկոյցով։ Կը յաջորդէ, ի միջի այլոց, Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Կոմիտէի Ընդհանուր Քարտուղար` դատաւոր Մոհամատ Ապտելսալամի ուղերձը, որ ականատեսը եղած է Ապու Տապիի մէջ 2019ի փետրուարի 4-ին Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի ստորագրումին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպի կողմէ։
Դասախօսութիւնները եւ հանրային հանդիպումները եւ խումբերու աշխատանքները
Երեքշաբթի՝ 16 Յուլիսէն, ամէն առաւօտ վերոնշեալ հինգ դասախօսները հանդէս պիտի գան դասախօսութիւններով։
Տեղի պիտի ունենան նաեւ երկու հանրային հանդիպումներ։ Առաջինը՝ 16 Յուլիսի երեկոյեան, Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ենթաքարտուղար Քոյր Նաթալի Պեքարին հետ՝ «Սիւնհոդոսականութիւն, համամիութենականութիւն եւ միջկրօնական երկխօսութիւն» նիւթով։ Երկրորդը՝ 17 Յուլիսի երեկոյեան, որու ընթացքին հինգ դասախօսները պիտի քննարկումներ անցկացնեն Միջերկրական Տարածաշրջանի Աստուածաբանական Հանդիպումներուն նիւթին շուրջ:
Հարցազրոյց Արքեպիսկոպոս Ուզինիչին հետ․ Երկու հաւատք, որոնք կարող են աշխատիլ եղբայրութեան համար
Պոսնիական Polis.ba կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Արքեպիսկոպոս Մաթէ Ուզինիչը շեշտած է, որ քրիստոնեաներու եւ մուսուլմաններու միջեւ երկխօսութիւնը, մասնաւորապէս աստուածաբանական մակարդակին վրայ, հաւատացեալներու երկու համայնքներուն կարող է օգնել «դադրելու պառակտման պատճառ ըլլալէն» եւ ծառայելու ի նպաստ եղբայրութեան»։ Բայց երկխօսութեան համար «անհրաժեշտ է զրուցակիցներ գտնել», այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը գտաւ ի դէմս Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին եւ անոր աստուածաբանութեան»:
Հանդիպումներու այս երրորդ թողարկումին նիւթին ընտրութիւնը նպատակ ունի խրախուսել տարածաշրջանի աստուածաբանութեան ուսանողներուն կամուրջներ կառուցելու այլ ոչ թէ սահմաններ դնելու։ Առանց բացուելու միւսները եւ առանց երկխօսութեան, ըստ Գերապայծառ Ուզինիչին «միւսները սպառնալիք են մեզ համար, մեզ կը վախցնեն, մեր թշնամիները կը դառնան», որ յաճախ կը հանգեցնէ կրօնական արմատականացման։ Մեզ կարող են փրկել միայն կամուրջները։ «Երկխօսութիւնն այդ կամուրջներէն մին է», եզրակացուցած է ի վերջոյ Արքեպիսկոպոս Մաթէ Ուզինիչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ