ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ Քանտայի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Քանտայի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն հետ 

Քանատայի եպիսկոպոսները Պապին ճամբորդութենէն երկու տարի ետք. Ճշմարտութիւն եւ թափանցիկութիւն բնիկ ժողովուրդներուն համար

Քանատայի եպիսկոպոսներու նամակը Պապին Քանատային ճամբորդութեան տարեդարձին առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

24էն- 30 յուլիս 2022ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ տարեդարձին կապակցութեամբ, Քանատայի եպիսկոպոները նամակը մը յղելով Աստուծոյ ժողովուրդին թուարկեցին իրենց կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները. Փոխհատուցում հաշտեցման հիմնադրամի միջոցով, թեմական եւ միսիոնորական , կրօնաւորական միաբանութիւններու արխիւներուն դիւրացուած մուտքը, բնիկ ժողովուրդներուն հետ երկխօսութիւնը, միութեան եւ յոյսն ճանապարհի շարունակութիւնը։

Այդ ապաշխարութեան ուխտագնացութեան ընթացքին, Քահանայապետը հանդիպելով բնիկ ժողովուրդներու տարեցներուն հետ եւ «Էտմոնթոն»ի դպրոցին նախկին աշակերտներուն հետ ներկայացուցի իր խոր եւ անկեղծ ներողամտութիւնը բնիկ ժողովուրդներուն ու ներում հայցեց Աստուծմէ Քանատային մէջ դպրոցներուն կրած տառապանքին համար» նշած են Քանատայի եպիսկոպոսները Աստուծոյ ժողովուրդին յղած նամակին մէջ ընդգծելով նաեւ որ .այս տարեդարձը մեզի կը տանի մտածելու Պապին արտայայտած տխրութեան խորութեան մասին կապուած բնիկ ժողովուրդներու կրած դպրոցական համակարգի կործանարար հետեւանքներուն հետ, ինչպէս նաեւ հաշտեցման եւ ապաքինման մասին, որ մենք ձեռնարկեցինք»։

Ինչ կը վերաբերի ֆինանսական աջակցութեան եպիսկոպոսները կը յայտնեն, թէ յանձնառու դարձած են հաւաքելու քանատական 30 միլիոն տոլար՝ բնիկ ժողովուրդներու հետ ապաքինման եւ համերաշխութեան ծրագիրն։երուն ի նպաստ։ Իսկ արխիւներու հասանելիութեան թափանցիկութեան վերաբերեալ Եպիսկոպոսները նամակին մէջ նշած են որ «ճշմարտութիւնը պէտք է նախորդէ հաշտեցման եւ թեմերը խստօրէն կը քաջալերեն իրենց փաստաթուղթերը հասանելի դարձնելու հետազօտողներուն եւ բնիկ ժողովուրդներուն, ապա կարեւորած են երկխօսութեան եւ լսելու յանձնառութիւնը նշելով «Եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասէն ներս ստեղծեցինք կառոյցներ աջակցելու կամար երկխօսութեան եւ խթանելու համար բնիկ ժողովուրդներուն աւանդութիւններուն ու անոնց մշակութային,  լեզուային եւ հոգեւոր արժէքներուն աւելի լաւ ըմբռնումը ու մեր փափաքն է « զարգացնել ակադեմական համագործակցութիւններ՝ հասկնալու եւ դիմագրաւելու համար այն գաղափարները որոնք կապուած են «յայտնագործութեան վարդապետութեան», գրեցին Քանատայի եպիսկոպոսները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2024, 13:36