29 Տարիներու անմնացորդ ծառայութիւն
1995-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարուան յունիս ամիսը բոլորիս համար առիթ է նշելու եւ ըստ արժանւոյն յարգելու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հոգեւոր անդաստանի եւ ազգային կեանքի բնագաւառներէն ներս մատուցած բոլորանուէր ծառայութիւնը: Վեհափառ հայրապետին 29 տարիներու վրայ երկարող արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ իր բազմաթիւ իրագործումները խօսքի սահմաններու մէջ կարելի չէ ամբողջականօրէն ներկայացնել, սակայն կարելի է անվարանօրէն հաստատել, որ անոնք մարմնաւորուեցան` աստուածահաճոյ առաքելութեամբ, անմնացորդ ծառայութեամբ եւ անշահախնդիր սիրով:
Ճիշդ 29 տարիներ առաջ Արամ Ա. արժանընտիր կաթողիկոս Աստուծոյ ոգեղէն ներկայութեան ուխտեց` հաւատարիմ մնալ աստուածաշնչական արժէքներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսուցումներուն ու դաւանանքներուն, ծառայել Աստուծոյ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին:
Վեհափառ հայրապետի ամբողջանուէր եւ անառարկելիօրէն բազմաբեղուն ծառայութեան շնորհիւ` Հայ առաքելական եկեղեցին տարբեր եւ իւրայատուկ արժէք ստացաւ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր գործունէութիւնը նոր թափով ու արդիւնաւէտութեամբ շարունակուեցաւ, երբ 1995 յունիս 28-ին կաթողիկոսական գահ բարձրացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Հայրապետը Կաթողիկոսական ընտրութեան առաջին իսկ պահէն յայտարարեց, որ` «Եկեղեցին Աստուծոյ կամքով մեզ ընտրեց ու մեզի տուաւ պարտքն ու պատիւը, իբրեւ անձնդիր ու քաջ հովիւ, հովուելու ու առաջնորդելու մեր ժողովուրդը` ի խնդիր Հայ եկեղեցւոյ առաւե՛լ պայծառացման, անոր միութեա՛ն, առաւե՛լ զօրացման ու առաքելութեան առաւե՛լ կենսագործման». «Մեր սիրելի ժողովուրդին ծառայելը նուիրական պարտք է ու բարձրագոյն պատիւ», անվերապահօրէն հաստատեց ան:
Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոս կաթողիկոսական գահ բարձրանալէն ի վեր լծուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերակազմակերպման ու վերածաղկման նուիրական աշխատանքին:
Անցնող 29 տարիները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ յատկանշուեցան համազգային տարողութիւն ունեցող շարք մը իւրայատուկ դէպքերով ու նախաձեռնութիւններով, որոնց մէջ վեհափառ հայրապետին դերը եղաւ առանցքային: Ազգընտիր կաթողիկոսը դարձաւ լուսաւորող ներկայութիւն սփիւռքեան կեանքի իրականութեան մէջ`իր կատարած անդուլ եւ տիտանական աշխատանքներուն շնորհիւ:
Լիբանանի պատմութեան ու լիբանանահայ կեանքի ամէնէն փոթորկոտ շրջանին, ձեռնհասութեամբ վարելէ ետք Լիբանանի հայոց առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնը, Արամ Ա. իր կաթողիկոսութեան օրերուն մի՛շտ ալ եղաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլո՛ր թեմերուն` քաջ հովիւն ու առաջնորդը. ան յաճախ եւ զանազան առիթներով հովուական այցելութիւններ տուաւ բոլոր թեմերուն, նոր աշխուժութիւն տալով թեմական կեանքին: Լիբանանի, Սուրիոյ եւ հայրենի Արցախի տագնապալի օրերուն վեհափառ հայրապետը այցելութիւններով, հանգանակութիւններով եւ զանազան այլ նախաձեռնութիւններով նեցուկ կանգնեցաւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր:
Արամ Ա.-ի գահակալութեան օրերուն Կիլիկեան միաբանութիւնը իր որակով եւ քանակով զարգացում արձանագրեց. իսկ դպրեվանքը վեհափառ հայրապետին խնամքին եւ ուշադրութեան արժանացաւ մի՛շտ եւ անխափանօրէն շարունակեց իր առաքելութիւնը: Ազգային-եկեղեցական, մշակութային, կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցան տարբեր համագումարներ, ժողովներ եւ աշխատանքային բնոյթի ձեռնարկներ: Արամ Ա. կաթողիկոսին ջանքերով մեր ազգի Դատը մուտք գործեց իրաւական դաշտ, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին եւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մօտ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ բացուած դատով:
Նորին վեհափառութեան գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին միջեկեղեցական, միջկրօնական, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ էքիւմենիք աշխատանքները, որոնց մէջ մի՛շտ ալ ստանձնեց առաջնորդի դեր եւ ունեցաւ որոշիչ ու անփոխարինելի դերակատարութիւն:
Նորին սրբութիւնը մշակեց նաեւ մտաւորական գործունէութիւն` հեղինակ դառնալով հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բազմաթիւ հատորներու եւ յօդուածներու, որոնց մէկ մասը թարգմանուած է տարբեր լեզուներու: Այս բոլորին զուգահեռ, հայրապետին գահակալութեան տարիները յատկանշուեցան լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներով նաեւ:
Այս բոլորը վաւերական ապացոյց են վեհափառ հայրապետին բազմաբնոյթ եւ բազմածաւալ գործունէութեան ու իրագործումներուն. մեր եկեղեցին ու ազգը երախտապարտ է անոր անդուլ եւ հետեւողական աշխատանքին համար:
Վեհափառ հայրապետը օժտուած է բազմաթիւ առաքինութիւններով, զորս իբրեւ հովուապետ` ամէն օր կ՛արտացոլացնէ իր գործին մէջ: Կիլիկեան ուխտին հաւատարիմ, արի, վճռական, աշխատասէր, ժողովուրդի ցաւով տառապող եւ անոր ապագային համար ծրագրող Արամ Ա. կաթողիկոս 29 տարիներէ ի վեր անխոնջ աշխատանք կը տանի մեր ժողովուրդին համար: Ան կը հանդիսանայ այն առաջնորդը, որ պահանջատէր է մեր ժողովուրդի Դատի արդար լուծման, որ` կը պայծառացնէ մեր ազգն ու եկեղեցին, եւ որ` կ՛ամրացնէ մեր քրիստոնէական հաւատքը:
Առ այդ, նման բեղուն գործունէութեան մը տարեդարձին առիթով պէտք է հաստատել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միայն անցեալ չէ, որպէսզի մենք անցեալի նուաճումները ժառանգելով` աւարտած համարենք մեր պարտքը. անիկա սահմանագծուած ներկայ մը չէ միայն, որուն սահմանին հասնելով` փորձենք հանգիստ քուն մտնել. անիկա ապագա՛յ մըն է, մեր բոլորի՛ս ապագան. եւ ապագայ կը նշանակէ` նոր ներդրումներու յանձնառութիւն, ժառանգութեան վրայ յաւելումներ գումարելու պարտքի զգացում եւ անխոնջ ծառայութիւն:
Արդարեւ, վեհափառ հայրապետին օրինակով, անոր յորդորներուն, առաքինի կենցաղին եւ հայրական վերաբերումին հետեւելով` Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին ծառայելու մեր ուխտը յառաջ կը տանինք յաւելեալ պատասխանատուութեամբ եւ ինքնաճանաչման խորունկ գիտակցութեամբ` ի պանծացումն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի յառաջդիմութիւն ու յաջողութիւն հայ ժողովրդեան:
ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ