«Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովին նախաձեռնութիւնը՝ 10 տարեկան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 8 յունիսին, կը նշուի Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովին «մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» նախաձեռնութեան 10-րդ տարեդարձը։
Յիշեալ նախաձեռնութիւնը ծնած է ի յիշատակ տասը տարի առաջ՝ 8 յունիս 2014ին, Վատիկանի Պարտէզներու մէջ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեամբ, Իսրայէլի նախագահ Սիմոն Փերեսի եւ Պաղեստին Իշխանութեան նախագահ, Մահմուտ Ապպասի միջեւ հանդիպումին, մասնակցութեամբ Կոսդանդուպոլսոյ Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական պատրիարքին։ Ամէն տարի ի յիշատակ այդ իրադարձութեան, 8 յունիսին յետմիջօրէին ժամը 1ին, Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովը, Իտալական, Արժանթինի Ացիոնէ Լաթթոլիքայի եւ կաթողիկէ կանանց միութիւններուն համաշխարհային միութեան հետ, աշխարհի բոլոր կաթողիկէ հաստատութիւններուն եւ բարիք կամք ունեցող այր մարդոց եւ կանանց կ՝առաջարկէ մէկ վայրկեան կանգ առնել, որտեղ ալ կը գտնուին՝ գրասենեակին, դպրոցիմ, գործարանին, հիւանդանոցի մէջ, միասնաբար հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը։
«Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար ձեռնարկի 10րդ տարեդարձի նիւթն է «Մենք խաղաղութիւն կ՝ուզենք, հրատապութիւնը, իրաւունք, անհրաժեշտութիւն։
Նախաձեռնութեան այս տարուան՝ 2024 պաստառը, պարզ տարբերանշանով, որ կը միաւորէ աղաւնին եւ ձիթենի աշխարհի գունաւոր շրջանակին հետ, որ բաց է՝ կիսելու համար, հասանելի է 29 լեզուներով, ներառեալ ճափոներէն, Չինարէն, Ուրտու, Հինտի, Եբրայերէ եւ Արաբերէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ