ҽ

Բնութիւնը, արձակուրդ Բնութիւնը, արձակուրդ 

«Հանգիստի Կարեւորութիւն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Արձակուրդին երթալ չի նշանակեր հեռաւոր երկիր մը այցելել կամ առանձնանալ՝ ֆիզիկական հանգիստ մը գտնելու համար, այլ կը նշանակէ ներքին ճամբորդութիւն մը կատարել մեր սրտին ու մտքին մէջ, ամրացնելու համար ընտանեկան եւ ընկերային կապերը, որոնք յաճախ մակերեսային կերպով կ'ապրինք՝ ի հետեւանք մեր գործի յոգնութեան:
Ունկդնդրէ խորհրդածութիւնը

Մօտերէն արձակուրդները կը սկսին եւ արդէն իսկ, ամիսներէ ի վեր, մարդիկ անհամբեր կը սպասեն այս սքանչելի օրերը, երբ վերջապէս պիտի անջատուին, որոշ ժամանակի մը համար, ամէնօրեայ աշխատանքի ունակութենէն եւ ջղայնութենէն:

Ս. Գիրքը կը թելադրէ երկրագործներուն որ եօթներորդ տարին բան մը չցանեն իրենց արտին մէջ, որպէսզի հողը հանգչի՝ ալ աւելի պտղաբեր դառնալու համար յաջորդ տարին:
Կարեւոր հարցում մը կը ներկայանայ մեր առջեւ. «Ինչո՞ւ արձակուրդի կարիքը ունինք»: Մեր մարմինը կը յոգնի եւ պէտք ունի հանգիստի՝ որպէսզի կարենանք շարունակել մեր կեանքին առօրեան: Տարուան ընթացքին, շարունակ կը գտնուինք գիրքերու եւ թերթերու դիմաց, գործին ցնցումը մեզ կը ճնշէ, ուրեմն մարդ հանգիստի պէտք կը զգայ, ազատ շնչելու եւ խոկալու իր հոգեւոր կեանքին մասին:

Ծովափը պտըտիլ, լեռները մագլցիլ ու գեղեցիկ արեւը, ծաղիկները, թռչունները եւ Աստուծոյ բոլոր տուած պարգեւները վայելելը մեզի մեծ հաճոյք կը պատճառեն, բայց ամենամեծ նուէրը կը մնայ այս բոլոր գեղեցկութիւնները վայելել, Աստուծոյ փառք տալով ստեղծած այս բոլոր սքանչելիքներուն համար:
Արձակուրդներուն ընթացքին մարդս կը խորացնէ իր սէրը ու կը փոխադարձէ զայն՝ անոնց որոնք պէտքն ու կարիքը ունին:

Արձակուրդին երթալ չի նշանակեր հեռաւոր երկիր մը այցելել կամ առանձնանալ՝ ֆիզիկական հանգիստ մը գտնելու համար, այլ կը նշանակէ ներքին ճամբորդութիւն մը կատարել մեր սրտին ու մտքին մէջ, ամրացնելու համար ընտանեկան եւ ընկերային կապերը, որոնք յաճախ մակերեսային կերպով կ'ապրինք՝ ի հետեւանք մեր գործի յոգնութեան: Արձակուրդներուն հանգիստը մեզի կ'արտօնէ վերաքննելու մեր յարաբերութիւնները որոշ անձերու հետ՝ զոր նախապէս կը ստորագնահատէինք, չխախտելու համար յարաբերութիւնները:

Արձակուրդները ապրիլ կը նշանակէ ամէնօրեայ կեանքի չոր անապատը կտրել, մագլցիլ դժուարին լեռները որոնք մեզ կ'արգիլեն աւելի հեռու տեսնել: Այս անկողմնակալ զուգակշիռ հայեացքը անձերու եւ յարաբերութիւններու նկատմամբ՝ շատ կարեւոր կը դառնան, որովհետեւ ան կրնայ կասկածի առջեւ դնել հիմերը մեր գոյութեան եւ բարելաւել պայմանները մեր կեանքին, խոր կերպով եւ հանգստօրէն ապրելով զանոնք: Այսպէս, արձակուրդները կը ներկայացնեն ներքին աշխատանքի եւ խորհրդածութեան շրջան մը: Ֆրանսայի նախկին մշակոյթի նախարարը՝ Անտրէ Մալրօ, իրաւունք չունէ՞ր երբ կ'ըսէր թէ, մեր կեանքին ընթացքին կը վազենք հասնելու համար տեղ մը, որպէսզի ի վերջոյ զզուինք: Այս առումով է որ մարդ մը կը հակազդէ իր կնոջ, երբ ան անընդհատ կը շեշտէր տունէն ելլելու փափաքը: Առ ի պատասխան, մարդը՝ կնոջ փաստելու համար որ ան շրջապատուած է բազմաթիւ աշխարհներով որոնցմէ տեղեակ չէ, աշխարհի քարտէս մը գնէ՝ հասկցնելու համար իր կնկան որ նախ պէտք է ինքզինք ճանչնալ, նախքան փորձել ուրիշ անձեր եւ վայրեր հասկնալ : Այսպէս արձակուրդները դատարկ ժամանցի պահեր չեն, այլ հարուստ են հոգեւոր կատարելութեամբ :

Երբեմն կը մոռնանք թէ մեր ջղայնութեան պատճառը մեր մտածումներն են, ինչպէս նաեւ մեր ապրելակերպը մեր ընտանիքին, մեր ընկերներուն եւ մեր գործակիցներուն հետ, յատկապէս մեր ընկերներուն շրջանակին հետ:
Պէտք չէ մոռնալ որ աղքատները միջոց չունին արձակուրդի երթալու, եւ թէ մեր պարտականութիւնն է՝ որպէս Յիսուսի հաւատարիմ վկաներ, անոնց օգնել, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը իր կեանքը աղքատներուն յատկացուց : Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեզի կը բացատրէ թէ արձակուրդները միմիայն մարմնային հանգիստի շրջան մը չեն, այլ ժամանակ մըն են հարստացնելու մեր հոգեւոր կեանքը՝ աղօթելով եւ հոգեւոր մտածականներ կատարելով: Այս լռութեան եւ աղօթքի պահերուն, մենք կը մօտենանք Աստուծոյ եւ կ'ամրացնենք մեր կապը Յիսուս Քրիստոսի հետ:

Քրիստոսի հաւատքը մեզ կ'ուսուցանէ թէ ֆիզիկական հանգիստը՝ մեր մարմինը կը զօրացնէ, բայց աղօթքն է որ կը սնուցանէ եւ կը կազդուրէ մեր հոգին, եւ ըստ այնմ կ'ուժեղացնէ մեր միութիւնը Յիսուսի հետ՝ որը մեզի կ'օգնէ մեր կեանքին բարեշրջման վստահութիւն ներշնչելով մեր էութեան վրայ: Երթանք, օգտուինք մեր արձակուրդներէն որովհետեւ կեանքը գեղեցիկ է:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2024, 06:00