ҽ

2020.05.07 Gesu' Via la Verità e la Vita - Vangelo della V domenica di Pasqua A

Հոգեգալստեան շրջանի եօթներորդ եւ վերջին Կիրակին (Մատթ. 14, 13 – 21) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

«Ինծի եկէք դուք բոլորդ յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտթ. 11, 28). Ամէն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր սիրելիներ կը սկսինք Հոգեգալստեան շրջանի եօթներորդ եւ վերջին Կիրակին (յիշենք որ տակաւին կը վայելենք Ս. Հոգիին ներկայութիւնը եւ Անոր անվերջ շնորհքները՝ թէ մեր Եկեղեցական կեանքէն ներս, եւ թէ ալ մեր առօրեայ կեանքին մէջ):

Այսօր սիրելիներ, գրեթէ բոլորս կը գտնուինք նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ, եւ յաճախ կը կարծենք որ աջ եւ կամ ձախ դառնալով եւ կամ դիմելով՝ պիտի կարողանանք այդ բոլորը լուծել...երբեմն կը կարողանանք եւ երբեմն ալ ոչ...եւ այդ պատճառով է որ այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք.« լաւ վարդապետ, ի՞նչ է այս բոլորին լուծումը. ինչպէ՞ս կրնանք մեր դժուարութիւններէն եւ նեղութիւններէն դուրս գալ»:

Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է սիրելիներ. այնքան որքան որ մենք այս աշխարհի վրայ կը գտնուինք, մեր հարցերը վերջ պիտի չունենան, բայց մենք կարող ենք այդ մէկը փոխել երբ՝

1. Աւետարանը կ՛ըսէ. « գնաց ամայի վայր մը» (Մտթ. 14, 13): Սիրելիներ, բոլորս կանչուած ենք ունենալու մեր այսպէս ասաց ամայի վայրը, մեր ամփոփման վայրը եւ վիճակը մեր առօրեայ կեանքին մէջ՝ թէ աղօթելու, թէ խոկալու եւ թէ ինչու չէ՝ մենք մեր կեանքը սերտելու եւ տեսնելու թէ արդեօ՞ք կ՛ապրինք համաձայն մեր Երկնաւոր Հօր կամքին եւ փափաքին, թէ արդէն իսկ հեռացած ենք մեր իսկական կոչումէն:

2. Նաեւ Աւետարանը կ՛ըսէ. « հիւանդները բժշկեց» (Մտթ. 14, 14): Մենք երբ կ՛ունենանք մեր ամփոփումի վայրը եւ պահը, կը սկսինք լսել մենք մեր անձերը, եւ ամէնակարեւորը՝ կը սկսինք ճանչնալ մենք մեր անձերը՝ որոնք լեցուն են տկարութիւններով եւ մեղքերով: Երբ կը կարողանանք կատարել այս ախտաճանաչումը, մեզ կը սպասէ բժշկութեան առիթը եւ շնորհքը: Երբ կ՛ըսեմ բժշկութիւն՝ նկատի ունիմ հոգեւորը եւ հոգին:

3. Երբ կը սկսիմ բուժուիլ իմ բոլոր մեղքերէս եւ կը կարողանամ դուրս գալ սատանային տիրապետութենէն, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս Քրիստոս մեզ կը սպասէ՝ որպէսզի մեզ կոչէ իր բարեկամները եւ իր աշակերտները:

Այստեղ սիրելիներ կրկին հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, ինչպէ՞ս պիտի լուծենք մեր հարցերը»:

Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, ցորքան որ կ՛ապրինք այս աշխարհի վրայ եւ այս մահկանացու մարմինին մէջ, հարցերը, նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները վերջ պիտի չունենան, սակայն ես երբ ունիմ իմ ամփոփումի պահերս, կապս հաստատ է իմ Տիրոջս հետ, եւ կարելի եղածին չափ ջանք կը թափեմ՝ որպէսզի պահեմ Հօրս պատուիրանները եւ կատարեմ Անոր կամքը, բոլոր դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները պիտի անհետանան եւ կորսուին՝ գէթ փոխաբերական իմաստով, որովհետեւ երբ մենք ունինք մեր կեանքին մէջ Յիսուս Քրիստոս, մեզ ոչ մէկ բան պիտի յուսահատեցնէ եւ կամ յոգնեցնէ:

«Ինծի եկէք դուք բոլորդ յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտթ. 11, 28). Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2024, 08:02