ҽ

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (9)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետի մեծ գործին:

Թ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետի մեծ գործին:

 

Հայ պատմիչներու համաձայն, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի կարգադրութեամբ՝ մեր եկեղեցական պաշտամունքը, ժամերգութիւնները, ծէսերը արարողութիւնները ճոխացան երկնաթռիչ աղօթքներով, շարականներով ու երգերով: Մեսրոպ Մաշտոցի երէց աշակերտներէն՝ Կորիւնը, որ գրած է «Վարք Մաշտոց»ի, կը պատմէ թէ Սահակ Հայրապետը յունարէն լեզուէն հայերէնի թարգմանած է մեծ քանակութեամբ եկեղեցական գիրքեր: Այլ խօսքով՝ բարեջան Հայրապետը յունարէն լեզուէն հայերէնի դարձուցած է եկեղեցական գիրքերու ամբողջութիւնը:

Այսպէս, սուրբ Մեսրոպի առընթեր, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսարանի կազմութեան առաջին հեղինակ պէտք է ճանչնանք Ս. Սահակ Պարթեւը, որ ըստ Կորիւնի «զեկեղեցական գրոց գումարութիւնն կանխաւ ի յունական բարբառոյն ի հայերէն» թարգմանած է:

Մ. Օրմանեան հետեւեալը կը գրէ. «Եթէ եկեղեցական օրհնութեանց ժողովածուի անունը ծիսական կարգեր կազմելէ առնուէր, ոչ թէ Մեսրոպի այլ Սահակի անունը պէտք էր գործածուէր, վասնզի պատմութեան համեմատ Սահակ եղած էր զանոնք կազմողը, հայրապետական իշխանութեամբ հաստատողը, ինչ որ Մեսրոպ չէր կրնար ընել» (Ազգապատում, հ. Ա, Էջ 1017):

Ս. Եփրեմ Ասորիի հեղինակած՝ Քահանայաթաղի Հոգեհանգիստի կանոնները, որ 18 Աւետարան ունի, Ղազար թարգմանիչ Հայոց աշխարհ բերած է երկրորդ ամի հայրապետութեան Ս. Սահակի, որ տասներեք տարուայ ընթացքին Հայրապետը թարգմանած է մեծ նախանձախնդրութեամբ աւելցուցած է եկեղեցւոյ կարգերուն մէջ, զանոնք աւելի եւս հարստացնելով շարականներով աղօթքներով:

Անոր յաջորդած է ձեռնադրութեանց կանոնը 410-ին. աշխարհաթաղը 413-ին, քահանայաթաղը, հոգեհանգիստը սերմնօրհնէքը 423-ին: Աւաղ, հին պատմագիրները յստակ չեն յիշեր թէ ուրիշ ինչ կարգադրութիւններ կամ կանոններ հաստատուեցան Ս. Սահակի կողմէ. թէպէտ իրեն կը վերագրուի պատարագամատոյցը, որ հայերէն թարգմանուած առաջին գիրքն էր: Յիշատակելի է թէ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ, Մեսրոպ Մաշթոց իրենց աշակերտները բացառիկ հմտութիւն ունեցած են ասորերէնի յատկապէս յունարէն լեզուի: Ի զուր չէ որ այդ ժամանակաշրջանը կոչուած է Ոսկեդար:

Այսպէս, Ոսկեդարեան Հայրերը՝ Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշթոց, Գիւտ Արահեզացի, Յովհաննէս Մանդակունի անոնց աշակերտները շարունակեցին այս նուիրական աշխատանքը՝      ամբողջական կանոններու, որոշ աղօթքներու բազում թարգմանութիւններ կատարելով յունական ասորական ծէսէն, առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ: Իսկ հետագային, մասնաւորապէս Ը. Թ. ԺԲ. ԺԴ. դարերուն, հայ եկեղեցւոյ ծէսը հարստացաւ Ստեփանոս Սիւնեցիի, Յովհաննէս Գ. Օձնեցիի, Խոսրով Անձեւացիի, Գրիգոր Վկայասէրի, Ներսէս Շնորհալիի, Ներսէս Լամբրոնացիի, Գրիգոր Տաթեւացիի ուրիշներու բարեկարգման աշխատանքներով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2024, 08:00